Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Նախագահի Ուաշինկթըն Այցելութեան Արդիւնքները

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ անոր հետ անդրադարձաւ վերջին զարգացումներու լոյսին տակ երկրի ընդհանուր կացութեան:

Նախագահ Աուն վարչապետին ներկայացուց Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ իր հանդիպումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ ամերիկացի պաշտօնատարներուն արտայայտած պատրաստակամութիւնը աջակցելու լիբանանեան բանակին եւ տարբեր ոլորտներու մէջ Լիբանանին օգնելու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ուաշինկթընի մէջ գոյացած շրջագծային բանաձեւի գործադրութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը` դիրքորոշման լոյսին տակ լիբանանեան կողմին, որ շեշտեց մինչեւ հարաւային սահմաններ իսրայէլեան ուժերու լիբանանեան գիւղերէն եւ գիւղաքաղաքներէն հեռացման ամբողջացումը:

Վարչապետ Սալամ իր կարգին նախագահին ներկայացուց իսրայէլեան հեռացումէն ետք Զաութար Ղարպիէ իր այցելութիւնը:

«Հաստատեցի, որ մենք կանգնած ենք հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող մեր ժողովուրդի կողքին եւ յանձնառու ենք անոնց աջակցելուն, եւ որ պետութիւնը վճռական է հոգալու անոնց կարիքները` այդպիսով ապահովելով անոնց շարունակական ներկայութիւնը իրենց հողին վրայ եւ պաշտպանելով անոնց ապրուստը», նշեց Սալամ:

Քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վարչապետ Սալամի կիրակի օր Իրաք կատարելիք այցելութեան` իր իրաքցի պաշտօնակից Ալի Ֆալեհ Խազիմ Զայտիի հետ քննարկելու համար Լիբանան-Իրաք յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներուն մէջ ամրապնդելու ուղիները:

 

Leave a Comment