Սալամ Պաղտատ Այցելեց – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ այցելեց Պաղտատ` ընկերակցութեամբ նախարարական պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Սըտի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Շարլ Հաժ: Ան Պաղտատի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Իրաքի ելեւմուտքի նախարար Ֆալեհ Սարիի կողմէ:

Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտիի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Զէյտի ընդունեց Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը. երկկողմանի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ` քննարկելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները, երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործընկերութիւնն ու շրջանի կացութիւնը»:

Վարչապետ Սալամ յայտարարեց. «Բանակցութիւններու ընթացքին ընդգծեցի, որ Լիբանանը վճռական է յառաջ շարժելու շրջանի երկիրներուն հետ տարբեր ոլորտներուն մէջ, մասնաւորաբար ուժանիւթի, կապի եւ փոխադրամիջոցներու ոլորտներուն մէջ, ռազմավարական կապի եւ համարկման նախագիծերու ամրապնդման գործին մէջ` ներկայիս փոփոխութիւններու ընձեռած կարելիութիւններէն օգտուելու համար»:

Սալամ նաեւ նշեց, որ շրջանի երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութիւնը ուժի, կայունութեան եւ հասարակաց բարգաւաճման հիմնարար յենասիւնն է, յատկապէս եթէ անիկա հիմնուած է փոխադարձ օգուտներ իրագործող տեսլականի վրայ:

Ան ընդգծեց. «Լիբանանը անհամբեր կը սպասէ Իրաքի հետ աշխուժ գործընկեր ըլլալուն ձեւաւորման գործին մէջ այս շրջանային նախագիծերուն, որոնք ներդրումներու նոր հորիզոններ պիտի բանան եւ պիտի աջակցին մեր երկու եղբայրական երկիրներուն մէջ զարգացման եւ կայուն աճի ուղիներուն»:

 

Leave a Comment