Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց. «Ամէնէն կարեւոր բանը այն է, որ հարաւային Լիբանանի եւ Ժապալ Ամելի մէջ համակեցութեան, պայքարի, դիմադրողականութեան, գաղափարի, մշակոյթի, գիտութեան ու հողին կառչածութեան յիշողութիւնը չկորսուի»:
«Կարեւորագոյնը այն է, որ մտածումով եւ քաղաքական առումով մոլորածներէն ոմանք քսաներորդ դարու կէսերու ծրագիրներուն ու դաւադրութիւններուն չվերադառնան», աւելցուց Ժոմպլաթ: