Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժարը, որուն հետ հանդիպումին անդրադարձաւ շրջաններու մէջ ապահովական կացութեան, եւ ծանօթացաւ անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման համար ապահովական ծառայութիւններուն որդեգրած քայլերուն:
Հաժժար հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Հանրապետութեան նախագահին Լիբանանը պաշտպանելու, անոր գերիշխանութիւնը պահպանելու եւ զայն անոր պարտադրուած պատերազմէն դուրս բերելու, իսրայէլեան հեռացումը իրագործելու եւ պետութեան իշխանութիւնը երկրին բոլոր հողերուն վրայ տարածելու համար ղեկավարած հայրենասիրական ջանքերուն աջակցութիւնս յայտնեցի»:
«Գոհունակութիւն յայտնեցինք նախագահ Աունի Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին տիրած մթնոլորտին նկատմամբ, որովհետեւ այցելութիւնը Լիբանանի եւ անոր օրինական հաստատութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը կ՛աճեցնէ», աւելցուց ան:
«Նախագահ Աունի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ պատմական վեհաժողովը լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ վճռորոշ պահ էր եւ Լիբանանի աջակցութեան յստակ ուղերձ», նշեց նախարարը: