Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ հանրօգուտ շինութիւններու եւ փոխադրամիջոցներու նախարար Ֆայեզ Ռասամնիի, հրաւէրովը Աթշանէի քաղաքապետ Ռոպեր Ժապպուրի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի ու երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաանի եւ Էլիաս Հանքաշի, բացումը կատարուեցաւ Աթշանէ-Այն Ալաք կապին:
Արարողութեան նաեւ ներկայ էին քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ եւ Մեթնի շրջանի քաղաքապետներ, Բարգաւաճման եւ կառուցման խորհուրդի պետ Մոհամետ Քապպանիի ներկայացուցիչ, խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ղասան Խէյրալլան, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի ներկայացուցիչ Մարուան Հայեքը եւ երեսփոխան Ռազի Հաժի ներկայացուցիչ Շըքրի Մքարզելը: