Ընտրութիւններ, Ազգային Մարտահրաւէրներ Եւ Վաղուան Հայաստանի Հարցը

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր կը գտնուի իր անկախութեան շրջանի ամէնէն վճռորոշ փուլերէն մէկուն մէջ: 2020-ի պատերազմը, Արցախի հայաթափումը, տարածաշրջանային ուժերու վերադասաւորումը եւ ներքաղաքական խոր բեւեռացումը ստեղծած են նոր իրականութիւն մը, որուն հետեւանքները երկար տարիներ պիտի շարունակեն ազդել Հայաստանի ապագային վրայ: Այս պայմաններուն մէջ ընտրութիւնները պարզապէս իշխանափոխութեան կամ իշխանութեան վերարտադրութեան միջոց … Read more

Հայաստանի Ընտրութիւնները Եւ Աշխարհաքաղաքական Շահերը

ԿԱՐԷՆ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ Հայաստանի ընտրութիւնները մակերեսային դիտարկմամբ կը թուին ըլլալ փոքր իրադարձութիւն մը, սակայն երբ հարցը կ՛ուսումնասիրուի մօտէն, ի յայտ կու գայ, որ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը կը շահագրգռէ շարք մը մեծ պետութիւններ: Ընտրութիւններուն մասնակից քաղաքական կողմերը ոչ միայն կը տարբերին իրենց քաղաքական ներքին վարչական ծրագիրներով, այլ անոնք յառաջ կը տանին մեծ պետութիւններու … Read more

Ոչ Շատ Մօտիկ Ապագան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՃՈՐՃ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ 2042 թուականն է, սահմաններն ալ գոյութիւն չունին, անոնք պարզապէս քարտէսին վրայ աշխարհագրական գիծեր են: Երեւանի պատերէն կախուած են պաստառներ. «Բաց ճանապարհ, փայլուն ապագայ, խաղաղութիւն»: Առաջին հինգ տարին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ «ապասահմանայնացման» համաձայնութիւններէն ետք, Հայաստան կ՛ապրի տնտեսական վերելքի ժամանակաշրջան մը: Թրքական ընկերութիւններ կը հաստատուին երկրին չորս կողմը, ազերիական դրամատուներու մասնաճիւղեր … Read more

Յարատեւ Պայքար Մինչեւ Արժանապատիւ Յաղթանակ

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ 7 յունիս 2026-ին տեղի ունեցան  Հայաստանի իններորդ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները, որոնց մասնակցեցան Հայաստանի քաղաքացիներուն 58,97 առ հարիւրը, ինչ որ նախորդ ընտրութիւններէն 9,57 առ հարիւր` 195 հազար 523 ընտրող աւելի է: Հարկ է նշել, որ այս ընտրութիւնը Արցախի յանձնումէն ետք առաջին ընտրութիւնն էր, սակայն Արցախի հայութիւնը ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք չունէր: … Read more

Մեր Խօսքը

Կարելի չէ հասկնալ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը` առանց ըմբռնելու անոր շարժիչ ուժը` անկախութեան ձգտումը: Դարեր շարունակ հայրենազրկումի, բռնատիրութեան, տեղահանութեան եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդը երբեք չհաշտուեցաւ ստրկութեան գաղափարին հետ: Անկախութիւնը կը հիմնուի նախ եւ առաջ հաւատքի վրայ, հաւատք` սեփական ուժերուն, հայրենիքի վերածնունդին եւ այն սկզբունքին նկատմամբ, որ արդար Դատը ի վերջոյ կը յաղթէ: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը … Read more

Չյանձնուելու Կամքով

ՄԵՂՐԻ ՍԱԼՊԱՇԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղ Շուշի` հայութեան սիրտն ու անաւարտ պայքարի խորհրդանիշը: Շուշին մշակոյթի, գեղեցկութեան եւ ռազմական յատուկ դիրք ու նշանակութիւն ունեցող քաղաք մըն էր: 9 մայիս 1992-ին Շուշիի ազատագրումը դարձաւ ոչ միայն ռազմական յաղթանակ, այլեւ ունեցաւ հոգեւոր եւ ազգային մեծ նշանակութիւն: Ան նոր յոյս սերմանեց համայն հայութեան մէջ եւ ապացուցեց, որ միասնական ժողովուրդը … Read more

Մեր Պայքարին Ուղին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԵՂՐԻ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» Մասնաճիւղ 1918 թուականին, երբ հայ ժողովուրդը կը գտնուէր բնաջնջման վտանգին դէմ յանդիման, եւ Արեւելեան Հայաստանի հողերը դարձած էին գոյապայքարի վերջին փուլ, տեղի ունեցաւ հրաշքը: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ հայ շինականն ու զինուորը, մտաւորականն ու հոգեւորականը, ձեռք-ձեռքի տուած, կերտեցին մայիսեան յաղթանակները` դարերու ստրկութենէ ետք վերականգնելով Հայաստանի անկախութիւնը: Այդ օրերուն, մահուան … Read more

Շուշին` Ազգային Արժանապատուութեան Խորհրդանիշը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՍԷՐՈՒԺ ՊԷՊԷՃԵԱՆՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղ Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ Շուշիի ազատագրութիւնը դարձաւ ոչ միայն ռազմական գործողութիւն մը, այլ նաեւ` ազգային արժանապատուութեան եւ գոյատեւման խորհրդանիշ մը: 1992 թուականի մայիսին հայ ազատամարտիկները մեծ քաջութեամբ եւ անձնուիրութեամբ ազատագրեցին Շուշին` վերջ դնելով քաղաքին նկատմամբ թշնամական վերահսկողութեան: Շուշին ռազմավարական կարեւոր դիրք ունէր, որովհետեւ հոնկէ շարունակաբար կը ռմբակոծուէր Ստեփանակերտը: Ազատագրութիւնը դարձաւ  … Read more

Մայիս 28. Անկախութեան Ոգին` Իբրեւ Յաւերժական Ուղեցոյց

ՅԱԿՈԲ ԳԻԶԻՐԵԱՆՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղ Մայիս 28-ը հայ ժողովուրդին համար պարզապէս օրացուցային տօն մը չէ, այլ` մեր ազգային գոյութեան, արժանապատուութեան եւ քաղաքական վերածնունդի խորհրդանիշը: 1918 թուականի այդ օրը, դարաւոր ընդմիջումէ ետք, հայութիւնը աշխարհին յայտարարեց իր անկախ պետականութեան վերականգնման մասին: Այս մեծագոյն նուաճումը հնարաւոր դարձաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերուն շնորհիւ, ուր հայ ժողովուրդը` կանգնած … Read more

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Բաց Նամակը` Լիբանանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան

1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան ներքեւ, աւելի քան 1,5 միլիոն հայեր ծրագրուած եւ կազմակերպուած կերպով բնաջնջուեցան` զանգուածային կոտորածներու, բռնի տեղահանութիւններու, սովամահութեան երթերու եւ մշակութային կործանման միջոցներով: Պատահածը պատերազմի ողբերգական հետեւանք մը չէր. այս արարքը իր կազմակերպուած ծրագիրով կը կոչուի Հայոց ցեղասպանութիւն` ամբողջ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը իր հայրենիքէն վերացնելու համար: Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած ամէնէն ծանր յանցագործութիւններէն … Read more