ԿԱՐԷՆ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ
Հայաստանի ընտրութիւնները մակերեսային դիտարկմամբ կը թուին ըլլալ փոքր իրադարձութիւն մը, սակայն երբ հարցը կ՛ուսումնասիրուի մօտէն, ի յայտ կու գայ, որ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը կը շահագրգռէ շարք մը մեծ պետութիւններ:
Ընտրութիւններուն մասնակից քաղաքական կողմերը ոչ միայն կը տարբերին իրենց քաղաքական ներքին վարչական ծրագիրներով, այլ անոնք յառաջ կը տանին մեծ պետութիւններու առաջադրած օրակարգերը:
Շատ պարզ ու յստակ է, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛ուղղէ դէպի Եւրոպա եւ Արեւմուտք, իսկ ընդդիմութիւնը կը թեքի դէպի Ռուսիա:
Սակայն ի մտի ունենալով շրջանի իրադարձութիւնները, Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցածը, Ռուսիոյ ծանր հակահարուածը, երբ անոնք յանդգնեցան դուրս գալ ռուսական շուքէն` ուղղուելով դէպի Արեւմուտք, կը ստիպեն մտահոգուիլ Հայաստանի ապագայով: Երբ Ռուսիան ձեռնարկեց իշխանափոխութեան ծրագիրներու, նշեալ երկիրները հովանաւորող Եւրոպան մնաց լուռ:
Նաեւ Ռուսիան կը հանդիսանայ Հայաստանի Հանրապետութեան դաշնակիցը եւ մեծ դեր ունեցած է Արցախի ազատագրման պայքարին մէջ, իսկ Արեւմուտքը` շահագրգռուած նիւթական շահերէ, Հայաստանը կ՛առաջնորդէ դեպի նորանոր զիջումներ չնեղացնելու համար թուրքն ու ազերին:
Իսկ թրքամէտ եւ դէպի Արեւմուտք ուղղուած այս իշխանութիւնը կը յանդգնի հրաժարիլ հայոց ազգային արժէքներէն` միմիայն հետապնդելով նիւթական շահեր, արտասանելով խաղաղութեան կեղծ լոզունգներ:
Ուստի տարածաշրջանի երկիրներու փորձը պէտք է օրինակ ծառայէ Հայաստանի ժողովուրդին, թէ այս իշխանութեան վարած քաղաքականութիւնը Հայաստանը կ՛առաջնորդէ դեպի անդունդ եւ նոր զիջումներու, իսկ ընդդիմութեան միակ նպատակը կը հանդիսանայ կերտել արժանապատիւ պետականութիւն եւ երկիրը դուրս բերել այս ամօթալի իրավիճակէն: