1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան ներքեւ, աւելի քան 1,5 միլիոն հայեր ծրագրուած եւ կազմակերպուած կերպով բնաջնջուեցան` զանգուածային կոտորածներու, բռնի տեղահանութիւններու, սովամահութեան երթերու եւ մշակութային կործանման միջոցներով: Պատահածը պատերազմի ողբերգական հետեւանք մը չէր. այս արարքը իր կազմակերպուած ծրագիրով կը կոչուի Հայոց ցեղասպանութիւն` ամբողջ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը իր հայրենիքէն վերացնելու համար:
Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած ամէնէն ծանր յանցագործութիւններէն մէկն է: Իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը արդէն իսկ լայնօրէն ճանչցուած է աշխարհի գիտնականներուն, պատմագէտներուն եւ պետութիւններուն կողմէ: Սակայն Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը շարունակէ ժխտել հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած այս պատմական իրողութիւնը: Այս ժխտումը անարդարութեան շարունակութիւնն է: Ժխտուած ցեղասպանութիւնը կրկնուած ցեղասպանութիւն է: Պատահածը քաղաքական դիրքորոշում մըն է, որ կը հակասէ մարդու միջազգային իրաւունքներուն: Ուստի պետութիւն մը, որ կը մերժէ իր անցեալը ընդունիլ, կը կորսնցնէ իր բարոյական հիմքը` արդարութեան, խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան մասին խօսելու:
Այսօր, երբ տարբեր մակարդակներու վրայ տեղի կ՛ունենան քննարկումներ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններուն միջեւ, եւ կը խօսուի սահմաններու վերաբացման մասին, ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կը շեշտէ հետեւեալը. չկայ յարաբերութիւններու բնականոնացում` առանց ընդունելու Օսմանեան կայսրութեան իրագործած պատմական անարդարութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ուստի տեւական խաղաղութիւնը չի կրնար կառուցուիլ ժխտման եւ պատմական անարդարութեան շարունակման հիման վրայ:
Սահմաններու բացումը` առանց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ո՛չ խաղաղութեան քայլ է եւ ո՛չ ալ իսկական մօտեցում մը դէպի հաշտութիւն, այլ քաղաքական քայլ մըն է, որ կը փորձէ օրինականացնել պատմական անարդարութիւնը` միաժամանակ պահանջելով լռութիւն անոր զոհերէն: Այս մօտեցումը բացայայտօրէն տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական շահերը կը դնէ բարոյական պատասխանատուութենէն եւ մարդկային արժանապատուութենէն վեր` նուազեցնելով արդարութեան եւ ճշմարտութեան հիմնարար սկզբունքները:
Մենք` իբրեւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդութեան միութիւն, կը մերժենք որեւէ գործընթաց, որ կը փորձէ բաժնել դիւանագիտութիւնը պատմական պատասխանատուութենէն: Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդը ունի իր արդար իրաւունքը` ապրելու ազատ, անկախ եւ անկաշկանդ իր նախնիներու պատմական հողին վրայ` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի մէջ: Ասիկա ո՛չ քննարկման, ո՛չ բանակցութեան ենթակայ հարց է: Հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած պատմական անարդարութիւնը չի կրնար վերացուիլ ժամանակի յառաջացումով, ո՛չ ալ մոռցուիլ` քաղաքական շահերով: Ճշմարտութիւնը կը մնայ անփոփոխ, իսկ արդարութեան պահանջը` անխախտ, մինչեւ իր լիարժէք ճանաչումը:
Մենք կը պահանջենք`
– Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ գործադրուած եւ ցարդ անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան ոճիրի պաշտօնական ճանաչում,
– Վերջ Թուրքիոյ կողմէ պատմական փաստերու ժխտման եւ խեղաթիւրման,
– Յանձնառութիւն` ճշմարտութեան նկատմամբ, իբրեւ հիմք որեւէ դիւանագիտական աշխատանքի,
– Յարգանք հայ ժողովուրդի պատմական եւ մարդկային իրաւունքներուն:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ը չի մոռնար անցեալը, չ՛ընդունիր ժխտումի քաղաքականութիւնը եւ չի հրաժարիր հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներէն:
Ճանաչումը սպառնալիք չէ, այլ պատասխանատուութիւն է: Ան առաջին եւ անհրաժեշտ քայլն է իսկական հաշտութեան, շրջանային կայունութեան եւ ճշմարտութեան վրայ կառուցուած ապագայի համար:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ–ի Բաց Նամակը` Միացեալ Ազգերու
Կազմակերպութեան Լիբանանի Գրասենեակին
Մենք` իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութեան անդամներ, կը դիմենք ձեզի պատմական պատասխանատուութեան խոր զգացումով եւ բարոյական հրատապութեամբ` 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան գծով: Անցած են աւելի քան 100 տարիներ այն թուականէն, երբ հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ համակարգուած բնաջնջումի, բռնի տեղահանութեան եւ թալանի: Սա պատերազմի ողբերգութիւն չէր, այլ գիտակից եւ կազմակերպուած աշխատանք` բնաջնջելու հայ ժողովուրդը: Այս արարքը կը նկատուի իբրեւ ցեղասպանութիւն, որ մարդկութեան դէմ ամէնէն ծանր յանցանքներէն մէկն է եւ ճանչցուած է գիտնականներու, պատմաբաններու, հաստատութիւններու եւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու կողմէ:
Սա պարզապէս անցեալի ողբերգութիւն չէ. ան կը մնայ չլուծուած անարդարութիւն` շարունակական հետեւանքներ ունենալով ամբողջ աշխարհի մէջ գոյատեւող հայ ժողովուրդին նկատմամբ:
Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը` իբրեւ միջազգային խաղաղութեան, արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու գլխաւոր պահապան, ստեղծած է յստակ եւ արդար սահմանումներ նման յանցանքներու վերաբերեալ: Ցեղասպանութեան յանցանքը կանխելու եւ պատժելու համար ՄԱԿ-ը 1948-ին սահմանեց ցեղասպանութիւնը իբրեւ գործողութիւններ, որոնք կը կատարուին ազգային, ցեղային կամ կրօնական խումբերը ամբողջութեամբ կամ մասամբ ոչնչացնելու նպատակով: 1915-1923 թուականներուն հայերուն դէմ կատարուած գործողութիւնները լիովին կը համապատասխանեն այս սահմանումին: Բացի ատկէ` Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը կը հաստատէ մարդկային ընտանիքի բոլոր անդամներուն բնածին արժանապատուութիւնն ու հաւասար իրաւունքները, ներառեալ` կեանքի, ազատութեան, անվտանգութեան, սեփականութեան եւ քաղաքացիութեան իրաւունքները, որոնք ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք եւս համակարգուած ձեւով զլացուած են հայ ժողովուրդին:
Այս սկզբունքներուն հակառակ` Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ անբաւարար ձեւով ներկայացուիլ միջազգային իրաւական եւ քաղաքական հարթակներու վրայ: Շարունակուող ժխտումը եւ պատասխանատուութեան բացակայութիւնը կը խաթարեն ոչ միայն հայերու արդարութիւնը, այլ նաեւ ցեղասպանութեան կանխումի համաշխարհային յանձնառութիւնը: Անկէ բացի` պատասխանատուութեան բացակայութիւնը առիթ տուաւ Ազրպէյճանին` Արցախի մէջ ցեղային զտում իրականացնելու շրջանին մէջ ապրող հայ բնակիչներուն նկատմամբ:
Այսօր մենք ականատես ենք նաեւ նման գործողութիւններու Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի բնակչութեան դէմ` հաւաքական պատիժ, հարկադիր տեղահանութիւն եւ խաղաղ բնակչութեան հանդէպ համակարգուած բռնութիւն: Հազարաւոր խաղաղ բնակիչներ կը սպաննուին Իսրայէլի կողմէ, սակայն տակաւին արդարութիւն չկայ, որովհետեւ սպանութիւնները եւ ցեղային զտումները կը շարունակուին այսօր եւս: Միջազգային հանրութեան լռութիւնը կը խորացնէ տառապանքը, եւ առանց պատասխանատուութեան կամ իսկական միջամտութեան եւ դատապարտումի, վայրագութիւնը կը շարունակուի` անպաշտպան ձգելով անթիւ անմեղ կեանքեր:
Լիբանանի մէջ բնակող հայ երիտասարդներս, երկրի մը մէջ, որ նոյնպէս գիտակից է պատերազմներու եւ տեղահանութեան հետեւանքներուն, կը կրենք մեր նախնիներու յիշատակը եւ արդարութեան համար պայքարելու պատասխանատուութիւնը: Մեր կոչը հիմնուած չէ վրէժխնդրութեան վրայ, այլ` ճշմարտութեան, պատասխանատուութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան համամարդկային սկզբունքներու վրայ: Հետեւաբար մենք կոչ կ’ուղղենք ՄԱԿ-ին` հաւատարիմ մնալու իր հիմնարար արժէքներուն` անդրադառնալով այս պատմական անարդարութեան, որպէսզի կանխուի պատմութեան կրկնութիւնը ոչ միայն հայերուն, այլեւ ամբողջ մարդկութեան համար: Եթէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը շարունակէ լուռ մնալ զանգուածային սպանութիւններու եւ ցեղային զտումներու հանդէպ, ապա «Այլեւս երբեք» սկզբունքը կը դառնայ դատարկ եւ ապարդիւն խօսք: Մենք կոչ կ’ուղղենք միջազգային հանրութեան պատասխանատուութեան ենթարկելու ցեղասպան պետութիւնները:
Մենք կը պահանջենք հայ ժողովուրդի յստակ եւ երկար սպասուած արդարութիւն, ներառեալ` կատարուած ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչում եւ պատասխանատուութիւն:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ