Մեր Խօսքը

Կարելի չէ հասկնալ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը` առանց ըմբռնելու անոր շարժիչ ուժը` անկախութեան ձգտումը: Դարեր շարունակ հայրենազրկումի, բռնատիրութեան, տեղահանութեան եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդը երբեք չհաշտուեցաւ ստրկութեան գաղափարին հետ:

Անկախութիւնը կը հիմնուի նախ եւ առաջ հաւատքի վրայ, հաւատք` սեփական ուժերուն, հայրենիքի վերածնունդին եւ այն սկզբունքին նկատմամբ, որ արդար Դատը ի վերջոյ կը յաղթէ: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը այս ճշմարտութեան կենդանի վկայութիւնն է, որովհետեւ հայ ազգը դարեր շարունակ, նոյնիսկ` իր դժուար պայմաններուն մէջ, պահեց իր հաւատքը` անկախութեան նկատմամբ, եւ Ցեղասպանութենէն ետք գտաւ վերականգնելու իր ուժը եւ, վերջապէս, 1918-ի մայիսեան հերոսամարտերով կերտեց իր անկախութիւնը:

Այս ուղիին վրայ մեծ է դերը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ ի սկզբանէ անկախութիւնը նկատեց ազգային պայքարի գերագոյն նպատակը: Այս գիտակցութեամբ, Դաշնակցութիւնը տասնամեակներէ ի վեր եւ մինչեւ այսօր իր «Մահ կամ ազատութիւն» նշանաբանով սերունդներ կը դաստիարակէ այն համոզումով, որ ազատութիւնը չի տրուիր, այլ կը նուաճուի պայքարով, կամքով եւ զոհողութեամբ: Կան սրբազան արժէքներ, ինչպէս` հայրենիքը, պետականութիւնը եւ ազգային արժանապատուութիւնը, որոնք կը կերտուին եւ կը պահպանուին անձնուիրութեամբ ու զոհաբերութեամբ:

1918-ի մայիսեան հերոսամարտերը` Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ Ղարաքիլիսէ, հայ ժողովուրդի հաւատքի եւ միասնութեան մարմնաւորումն էին: Այդ յաղթանակներուն շնորհիւ է, որ դարերու ստրկութենէն ետք հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը: Նոյն ոգին շարունակուեցաւ 1992-ի մայիսին, երբ Շուշիի ազատագրութիւնը դարձաւ արցախեան ազատագրական պայքարի փառաւոր հանգրուան մը:

Այսօր, երբ Հայաստան կանգնած է գոյութենական նոր մարտահրաւէրներու դիմաց, հրամայական է ունենալ հաւատքով զինուած ժողովուրդ մը եւ ազգային պատասխանատուութեամբ առաջնորդուող իշխանութիւն, որ կը գիտակցի պետութեան սրբազան առաքելութեան, կը պաշտպանէ հայրենի հողը անզիջում կամքով եւ երբեք վաճառքի առարկայ չի դարձներ ազգային իրաւունքներն ու հայրենիքի գաղափարը:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կը հաւատայ, որ երիտասարդութիւնը պէտք է դառնայ այս վերազարթօնքի առաջամարտիկը: Մայիսեան հերոսամարտերը, Շուշիի ազատագրութիւնը եւ Դաշնակցութեան մարտունակ ու գաղափարական ժառանգութիւնը մեզի կը սորվեցնեն, որ անկախութեան ձգտումը ազգի գոյութեան հիմնական շարժիչ ուժն է, եւ որ` ժողովուրդները կը կերտեն իրենց յաղթանակը այն ժամանակ, երբ անսասան կը կառչին իրենց արմատներուն, կը վստահին սեփական ուժերուն եւ հաւատարմօրէն կը շարունակեն իրենց ազգային ուղին: Անոնք մեզի կը յիշեցնեն, որ ազատ ու հզօր հայրենիք կերտելու ճանապարհը կը սկսի` ազգային գիտակցութենէն, միասնական կամքէն եւ պատմական իրաւունքներու վերատիրացման վճռակամութենէն: Ժամանակն է, որ հայ երիտասարդը վերագտնէ իր առաքելութիւնը, մերժէ պարտուողականութիւնը, բարձրացնէ ազգային պետականութեան դրօշը եւ իր մասնակցութիւնը բերէ միացեալ Հայաստանի կերտման սրբազան պայքարին:

 

 

 

 

Leave a Comment