Մեր Պայքարին Ուղին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԵՂՐԻ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» Մասնաճիւղ

1918 թուականին, երբ հայ ժողովուրդը կը գտնուէր բնաջնջման վտանգին դէմ յանդիման, եւ Արեւելեան Հայաստանի հողերը դարձած էին գոյապայքարի վերջին փուլ, տեղի ունեցաւ հրաշքը: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ հայ շինականն ու զինուորը, մտաւորականն ու հոգեւորականը, ձեռք-ձեռքի տուած, կերտեցին մայիսեան յաղթանակները` դարերու ստրկութենէ ետք վերականգնելով Հայաստանի անկախութիւնը: Այդ օրերուն, մահուան ու կեանքի սահմանագիծին վրայ, մենք աշխարհին ապացուցեցինք, որ ապրելու կամքը աւելի զօրաւոր է ամէն տեսակի բռնութենէ:

Այսօր, երբ հայրենիքը դարձեալ կը գտնուի ճակատագրական խաչմերուկի մը առջեւ, եւ վերջին տարիներու ցաւալի իրադարձութիւնները վիրաւորած են մեր հոգիները, մայիս 28-ի պատգամը կը դառնայ մեր փրկութեան ուղեցոյցը: Ան մեզի կը յիշեցնէ, որ հայ ժողովուրդը իր մէջ ունի անմար կայծ մը, որ կը բռնկի հոն, ուր ուրիշներ միայն մոխիր կը տեսնեն: Մայիս 28-ի խորհուրդը մեզի կը սորվեցնէ, որ ամէնէն մութ ու անյոյս պահերուն իսկ հայուն ոգին ի զօրու է հրաշքներ կերտելու:

Մայիսեան յաղթանակներուն պատգամը, աւելի քան երբեք, կը հնչէ իբրեւ սրբազան կոչ: Պատմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ անկախութիւնը երբեք վերջնական նուաճում մը չէ, այլ` շարունակական պայքար եւ սրբազան տուրք:

Մեր ազգային գոյերթը կանգ չ՛առներ. մեր պայքարը լոկ զէնքով չէ, այլ` միտքով, մշակոյթով եւ մեր ինքնութեան կառչած մնալու կամքով: Մենք պարտաւոր ենք վերագտնելու մեր միասնականութեան ուժը: Ուստի, եկէ՛ք, զօրացնենք մեր շարքերը, միաւորենք մեր ուժերը եւ վառ պահենք այն ջահը, որ մեզի փոխանցուեցաւ Սարդարապատի ու Բաշ Ապարանի հերոսներէն: Պայքարը, որուն մասին կը խօսինք, պահանջատիրութեան եւ յարատեւութեան պայքար է` ընդդէմ ամէն տեսակի անարդարութեան:

Թող մայիս 28-ի պատգամը ըլլայ մեր ուղեցոյցը` կերտելու համար այնպիսի Հայաստան մը, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ աշխարհասփիւռ հայութեան: Յանուն մեր նահատակներուն եւ գալիք սերունդներուն` մենք կը հաւատանք ազատ, անկախ եւ հզօր Հայաստանի վերածնունդին, որովհետեւ պայքարը արդար է, իսկ մեր յոյսը` անմար:

 

 

Leave a Comment