Յարատեւ Պայքար Մինչեւ Արժանապատիւ Յաղթանակ

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

7 յունիս 2026-ին տեղի ունեցան  Հայաստանի իններորդ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները, որոնց մասնակցեցան Հայաստանի քաղաքացիներուն 58,97 առ հարիւրը, ինչ որ նախորդ ընտրութիւններէն 9,57 առ հարիւր` 195 հազար 523 ընտրող աւելի է: Հարկ է նշել, որ այս ընտրութիւնը Արցախի յանձնումէն ետք առաջին ընտրութիւնն էր, սակայն Արցախի հայութիւնը ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք չունէր:

Ազգային ժողովի ընտրութիւններու ընթացքին տեղի ունեցան բազմաթիւ խախտումներ: Ամբողջ օրը կատարուեցան ընդդիմադիր ուժերու ձերբակալութիւններ, ընտրական կեդրոններու խուզարկութիւններ եւ անընդունելի այլ երեւոյթներ: Աւելի՛ն. մահացածներ յայտնուեցան ընտրացանկերու մէջ, իսկ տեղամասի մը մէջ մահացած մը քուէարկեց նախախնամական կարգադրութեամբ: Մինչ այլ տեղամասերու մէջ քաղաքացիներ անակնկալի եկան, որ արդէն իրենց անունով ուրիշներ քուէարկած են իրենց փոխարէն: Դժգոհութիւն յայտնուեցաւ նաեւ քուէաթերթիկներ ընտրատեղամասեր բերելու եւ ընտրատեղամասերէն դուրս հանելու համար: Արդիւնքներու ստուգումն իսկ, առաջին անգամն ըլլալով, երկար ժամանակ խլեց: 8 ժամուան ընթացքին կարելի դարձաւ հրապարակել ընդհանուր 2006 ընտրատեղամասերէն միայն 40 առ հարիւրին արդիւնքները: Յետոյ կացութիւնը շրջուեցաւ, եւ յանկարծ 5 ժամուան ընթացքին հրապարակուեցան մնացեալ տեղամասերուն արդիւնքները, ինչ որ լուրջ կասկածներ ստեղծեց:

Ընտրութեան մասնակցութեան բարձր թիւի ցուցանիշը փաստեց, որ տեղի ունեցող ընտրութիւնները պարզապէս ուժի մը քուէարկութիւն չէր, այլ` Հայաստանը կործանելու կամ կառուցելու միջեւ ճակատագրական որոշում: Այս ընտրութիւնները նուաստացումի, պարտութեան եւ  ազգադաւ քաղաքականութեան դէմ ազգային բողոք էին: Փաշինեան հայ ժողովուրդին վստահութիւնը չստացաւ: Պաշտօնական արդիւնքը կրնայ այլ բան ցոյց տալ, սակայն քաղաքական դիտարկումով ընդդիմադիր ուժերը ստացան ձայներու աւելի բարձր համեմատութիւն, քան` իշխող վարչախումբը, որ նոյնիսկ չստացաւ ժողովուրդին 50 առ հարիւրին վստահութիւնը: Այս կը նշանակէ, որ ժողովուրդը դէմ է հողային զիջումներու, սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ յանձնուողական քաղաքականութեան:

Այո՛, Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը ընտրակաշառքով կրցաւ խորհրդարանի պարզ մեծամասնութիւնը ըլլալ եւ միանձնեայ կառավարութիւն կազմել, սակայն ան չհասաւ իր նպատակին, որն էր` սահմանադրական մեծամասնութիւն ապահովել (այսինքն` խորհրդարանին 2/3-ը): Եթէ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատակազմը սահմանադրական մեծամասնութիւն ապահովէր, ապա Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի երազանքները արագօրէն պիտի իրագործուէին, Հայաստան շատ աւելի ծանր հետեւանքներ պիտի դիմագրաւէր, եւ պետութեան գոյութեան վտանգը շատ աւելի մեծ տոկոսով պիտի սաստկանար:

Այս ընտրութեան ընթացքին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ձախողեցաւ իբրեւ չէզոք մարմին գործելու: Զանազան ընտրատեղամասերու մէջ արձանագրուեցան սխալ  ու կեղծ արդիւնքներ, որոնք պատճառ հանդիսացան, որ Գագիկ Ծառուկեանի առաջնորդած  Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը դուրս մնայ Հայաստանի Ազգային ժողովէն: Եթէ Բարգաւաճ Հայաստանը խորհրդարան մուտք գործէր, ապա Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան լիազօրութիւնները պիտի նուազէին, եւ Հայաստան իսկապէս նոր փուլ մը մուտք պիտի գործէր: Սակայն, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին համաձայն, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը ստացաւ 3,9893 տոկոս եւ չկրցաւ յաղթահարել 4 տոկոսի անհրաժեշտ շեմը:

Ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան թրքացման ուղեգիծը աւելի թափ ստացաւ: Տակաւին, Հայաստանի Ազգային ժողովէն քանի մը շաբաթ անցաւ, սակայն երկրին մէջ ընթացք առին շատ մը բաներ, որոնք ուղղակիօրէն հարցականի տակ դրին Հայաստանի ազատ եւ անկախ պետութեան ապագան…

Առաջին. Նիկոլ Փաշինեան ընտրութեան օրակարգը օգտագործելով` Հայաստանը վերածեց ներքին պայքարի դաշտի, հայ ժողովուրդին միջեւ բաժանարար գիծեր սահմանեց, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ պատերազմ յայտարարեց, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին պատերազմով սպառնաց: Ան իր յայտարարութիւններուն մէջ նշեց, որ ջախջախած է, այսպէս կոչուած «պատերազմի եռագլուխ» կուսակցութիւնները եւ պիտի շարունակէ չէզոքացնել զանոնք ու ձերբակալէ անոնց ղեկավարները: Ան իր հայհոյախառն ոճով պատերազմ բառը կ՛օգտագործէ երկրին մէջ ներքին հարցեր ստեղծելու համար:

Երկրորդ. ան ճնշումներ գործադրեց` թիրախաւորելով ընդդիմադիր ուժերն ու անոնց ներկայացուցիչները: Ընտրակաշառքէն անդին` Փաշինեանի ջանքերով Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը մեղադրանք առաջադրելու եւ ազատութենէ զրկելու համաձայնութիւն տուաւ «Հայաստան» եւ  «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքներու կարգ մը թեկնածուներու:

Երրորդ. ուշագրաւ է այն փաստը, որ ընտրութիւններէն ետք Հայաստան ժամանած առաջին պաշտօնեան ազրպէյճանցի էր: Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ Դիլիջանի մէջ քննարկեցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգը: Անոնք ի՞նչ հարցեր կրնային քննարկել, երբ ընդամէնը  մօտաւորապէս ամիս մը առաջ Հիքմեթ Հաճիեւ Հայաստանի տարածքը, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան Ազրպէյճան» անուանեց եւ 300.000 ազրպէյճանցիներու բնակեցումի ծրագիրին մասին խօսեցաւ: Ի՞նչ կարելի է եզրակացնել, երբ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք Ազրպէյճան արձանագրեց, որ այդ ընտրութիւնները Ալիեւի ռազմավարական տեսլականին մէկ մասը եղած են:

Հակառակ անոր որ Երեւանի իշխանութիւնները Ազրպէյճանի հանդէպ կը փորձեն միշտ դրական մօտեցում ցուցաբերել, զայն նեղացնելու ոչ մէկ արտայայտութիւն արտօնել, բայց եւ այնպէս, Ազրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները հակառակ ուղղութեամբ կը գործեն: Իլհամ Ալիեւ բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ տեղի ունեցած միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն կրկին խօսեցաւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին եւ սպառնալից ոճով հայ ժողովուրդը վիրաւորեց: Իսկ Նիկոլ Փաշինեան այսօր Արցախը ուրանալով` կը խօսի երկարատեւ խաղաղութեան մասին:

Յառաջիկայ 5 տարիները հայ ժողովուրդին համար կրնան ճակատագրական տարիներ ըլլալ: Թէեւ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները աւարտեցան, սակայն այսօր հայ ժողովուրդը դարձեալ առիթ ունի վերակազմակերպուելու եւ բաւական լուրջ որոշումներ տալու: Այսօր հայ ժողովուրդին առջեւ կանգնած ընտրութիւնը ուրիշ է: Այդ ընտրութիւն է արժանապատուութեան պահպանման եւ ենթակայ դառնալու միջեւ, սահմանադրական կարգի եւ գործադիր գերիշխանութեան միջեւ, ինչպէս նաեւ իսկական խաղաղութեան եւ պարտադրուած յանձնումի միջեւ:

Վերջապէս, արժանապատիւ յաղթանակը կը ծնի պայքարէն եւ ոչ թէ` յանձնումէն: Իսկական Հայաստանը կը ծնի յարատեւ աշխատանքէն եւ ոչ թէ` յուսալքումէն: Ճիշդ է, որ այսօր ընդդիմադիր ուժերը խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն չեն կազմեր, սակայն անոնք իրենց ազդեցիկ ուժով կրնան վտանգուած Հայաստանի իրավիճակը փրկել:

 

 

 

Leave a Comment