
ՄԵՂՐԻ ՍԱԼՊԱՇԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղ
Շուշի` հայութեան սիրտն ու անաւարտ պայքարի խորհրդանիշը: Շուշին մշակոյթի, գեղեցկութեան եւ ռազմական յատուկ դիրք ու նշանակութիւն ունեցող քաղաք մըն էր:
9 մայիս 1992-ին Շուշիի ազատագրումը դարձաւ ոչ միայն ռազմական յաղթանակ, այլեւ ունեցաւ հոգեւոր եւ ազգային մեծ նշանակութիւն: Ան նոր յոյս սերմանեց համայն հայութեան մէջ եւ ապացուցեց, որ միասնական ժողովուրդը կրնայ յաղթել ամէնէն դժուար մարտերուն եւ մեծ նուաճումներ արձանագրել: Շուշին դարձաւ հերոսութեան, ազատասիրութեան եւ ազգային արժանապատուութեան խորհրդանիշը:
Այսօրուան դժուար պայմաններուն մէջ Շուշիի ազատագրումի ուղերձը, աւելի քան որեւէ այլ ժամանակ, կոչ կ՛ուղղէ բոլորիս` տէր կանգնելու մեր արդար իրաւունքին եւ չյուսահատելու:
Մեր սերունդին պարտականութիւնն է յիշել, փոխանցել եւ պահպանել Շուշիի ոգին, որովհետեւ Շուշին միայն քաղաք մը չէ, ան մեր պատմութիւնն է, մեր յիշողութիւնը եւ մեր վերադարձի հաւատքը: Այնքան ատեն որ հայ երիտասարդը տակաւին կը պայքարի, կը ստեղծագործէ եւ հաւատարիմ կը մնայ իր ինքնութեան, Շուշին պիտի շարունակէ ապրիլ մեր սրտերուն մէջ: