Ըստ Արաբ Պաշտօնատարի Մը Եւ «Աքսիոս»-ի. Ուաշինկթըն-Թեհրան Ժողովները Հաւանաբար Ուրբաթ Օր Գումարուին Թուրքիոյ Մէջ

Արաբ պաշտօնատար մը ԱՖՓ  լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Հաւանական է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ժողովները գումարուին 6 փետրուարին Թուրքիոյ մէջ»: Նախքան այդ, Թեհրան կոչ ուղղած էր` շարունակելու իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները, իսկ Ուաշինկթըն Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը զգուշացուցած էր համաձայնութիւն չգոյացնելու հետեւանքներէն: «Հաւանական է, որ Թուրքիոյ մէջ ամերիկացի բանագնացներու եւ իրանցի պաշտօնատարներու միջեւ ժողով … Read more

Թեհրան Պատրաստ Է Իւրանիոմի Հարստացման Մակարդակը 60 Առ Հարիւրէն 20 Առ Հարիւրի Նուազեցնելու

Իրան պատրաստ է իւրանիոմի հարստացման մակարդակը նուազեցնելու, սակայն ատոր համար պէտք պիտի ըլլայ վճարել: Այս մասին յայտարարեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Շամխանի: Անոր համաձայն, Թեհրանը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իւրանիոմի հարստացման մակարդակը 60 առ հարիւրէն 20 առ հարիւրի նուազեցնելու: Ան նշած է նաեւ, որ ասիկա կը կատարուի ներքին պահանջները սպասարկելու համար միայն: Շամխանի նաեւ … Read more

Աուն. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ Կը Պնդենք, Եւ Առնչակից Կողմերուն Հետ Կ՛աշխատիմ Լիբանանը Նոր Պատերազմի Մէջ Չներքաշելու Համար»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Լիբանանի համար գերիշխանական ճակատ»-ի պատուիրակը ընդունելով յայտնեց. «Օտար պետութիւններուն Լիբանանի նկատմամբ վստահութեան վերականգնումն ու անոր աջակցիլը բնական արդիւնք են Լիբանանի ներկայիս կատարածին` պետութեան հաստատ հիմերու վրայ վերակառուցման, մասնաւորաբար օրէնքի իշխանութեան տարածման եւ զէնքի մենաշնորհի գործադրման առումներով: Անոնք երկու հարցեր են, որոնցմէ ետդարձ չկայ, ինչ ալ ըլլան հանգամանքները, եւ աշխատանք կը տանինք … Read more

Արցախի Նախկին Ղեկավարներու Դատավարութիւնը Պիտի Վերսկսի 5 Փետրուարին

Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական գործիչներու դատավարութիւնը պիտի վերսկսի 5 փետրուարին: Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Պաքուի զինուորական դատարանէն ստացուած տեղեկութիւնը: Արցախի երեք նախկին նախագահներուն եւ 2023 սեպտեմբերին գերեվարուած արցախցի միւս գործիչներուն դէմ յարուցուած քրէական գործով վերջին դատական նիստը տեղի ունեցած էր 26 դեկտեմբեր 2025-ին: Այդ նիստէն ետք գործը քննող … Read more

Սպանական Լլէյտա Քաղաքը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

30 յունուարին Սպանիոյ Լլէյտայի քաղաքապետարանի լիագումար նիստի ընթացքին Քաթալոնիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու եւ ազգերու միջազգային կեդրոնը եւ Քաթալոնիոյ մէջ գործող հայկական «Արարատ» միութիւնը միջնորդութիւն ներկայացուցին` պահանջելով Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը եւ անոր տարեկան ոգեկոչումը Լլէյտա քաղաքին մէջ: Միջնորդութիւնը միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ: Որոշումին համաձայն, այս տարուընէ սկսեալ Լլէյտայի մէջ պիտի սկսի Ցեղասպանութեան յիշատակման տարեկան ծրագիր, որուն մեկնարկը պիտի … Read more

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Հաւանական է, որ քանի մը օրէն Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններու մեկնարկ կատարուի»: «Բանակցութիւնները հաւանաբար պիտի կայանան արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի միջեւ, եւ տակաւին ժողովին վայրն ու ժամանակը չեն ճշդուած», նշեց լրատու գործակալութիւնը: Իրանի կառավարութենէն լաւատեղեակ աղբիւր մը իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրանի … Read more

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յոյս յայտնեց Իրանի հետ գործարքի կնքման հասնիլ: Նախքան այդ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին զգուշացուց, թէ Իրանի իսլամական հանրապետութեան վրայ որեւէ յարձակում շրջանային պատերազմի պիտի յանգեցնէ: Թրամփ պատասխանելով Խամենէիի զգուշացումին վերաբերեալ լրագրողներու հարցումին յայտնեց. «Անշուշտ այդպէս պիտի ըսէ»: «Կը յուսանք համաձայնութեան հասնիլ: Եթէ համաձայնութիւն չգոյացնենք, այդ ատեն պիտի … Read more

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Հնդկաստանի զինուած ուժերու պաշտպանութեան ընդհանուր հրամանատար զօր. Անիլ Չաուհանը: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, Չաուհան յայտնած է Հնդկաստանի զինուած ուժերու պատրաստակամութիւնը` շարունակելու համագործակցութեան զարգացումը առկայ ուղղութիւններով եւ նախաձեռնելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նոր ուղղութիւններ: Պապիկեան բարձր գնահատած պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Հնդկաստան համագործակցութեան ներկայիս մակարդակը` կարեւոր նկատելով փոխադարձ գործակցութեան ծրագիրներու կանոնաւոր … Read more

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

Մինչեւ Հայաստանի մէջ հերթական ընտրութիւնները, այսինքն` մինչեւ այս տարուան յունիսը, մենք կրնանք խաղաղութեան պայմանագիր կնքել: Այս մասին Ազրպէյճանի խորհրդարանի նիստի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի երեսփոխան Կուտրաթ Հասանկիւլիեւ: Անոր համաձայն, ատոր համար Հայաստան պէտք է պարտաւորութիւն ստանձնէ, որ իր նոր սահմանադրութեան մէջ Ազրպէյճանի նկատմամբ «տարածքային պահանջներ» պիտի չըլլան: «Մեր օրէնսդրութեան համաձայն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմը … Read more

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

Միացեալ Նահանգներ-Իրան լարուածութեան համապատկերին վրայ փոխսպառնալիքներն ու հռետորաբանութիւնը կը խօսին պատերազմի նախաշեմին գտնուելու մասին: Ամերիկեան ռազմանաւեր կը մօտենային Իրանի մերձակայ ջուրեր, մինչ Թեհրանի ներկայացուցիչները կը խոստանային ամբողջ տարածաշրջանը բռնկեցնել, եթէ Ուաշինկթըն սկսէր հարուածել Իրանը: Յայտարարողական մակարդակի այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ սակայն, մերթ ընդ մերթ բանակցութիւններու վերսկսման ակնարկներ կ՛ըլլային երկու կողմէն: Իրանի պարագային կար երկու ուղղութիւն: … Read more