Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Հաւանական է, որ քանի մը օրէն Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններու մեկնարկ կատարուի»:

«Բանակցութիւնները հաւանաբար պիտի կայանան արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի միջեւ, եւ տակաւին ժողովին վայրն ու ժամանակը չեն ճշդուած», նշեց լրատու գործակալութիւնը:

Իրանի կառավարութենէն լաւատեղեակ աղբիւր մը իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան հրամայեց Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւնները սկսելու»:

«Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւնները հաւանաբար քանի մը օր ետք գումարուին Թուրքիոյ մէջ», նշեց աղբիւրը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը երկու աղբիւրներ: վկայակոչելով հաղորդեց, թէ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ այսօր կը հասնի Թել Աւիւ` Իրանի հետ լարուածութեան խորապատկերին վրայ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենալու համար:

 

Leave a Comment