Ըստ Արաբ Պաշտօնատարի Մը Եւ «Աքսիոս»-ի. Ուաշինկթըն-Թեհրան Ժողովները Հաւանաբար Ուրբաթ Օր Գումարուին Թուրքիոյ Մէջ

Արաբ պաշտօնատար մը ԱՖՓ  լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Հաւանական է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ժողովները գումարուին 6 փետրուարին Թուրքիոյ մէջ»:

Նախքան այդ, Թեհրան կոչ ուղղած էր` շարունակելու իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները, իսկ Ուաշինկթըն Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը զգուշացուցած էր համաձայնութիւն չգոյացնելու հետեւանքներէն:

«Հաւանական է, որ Թուրքիոյ մէջ ամերիկացի բանագնացներու եւ իրանցի պաշտօնատարներու միջեւ ժողով մը գումարուի», նշեց պաշտօնատարը:

«Հաւանական ժողովը դասաւորուեցաւ, Եգիպտոսի, Քաթարի, Թուրքիոյ եւ Օմանի միջամտութիւններէն ետք», աւելցուց արաբ պաշտօնատարը:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը իր կարգին հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին ուրբաթ օր հանդիպում պիտի ունենան Պոլսոյ մէջ:

Պարրօ. «Ուաշինկթընի Եւ Թեհրանի Միջեւ Բանակցութիւնները
Պէտք Է Իրանի Մէջ Բռնաճնշումին Վրայ Կեդրոնանան»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ նշեց. «Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ ուրբաթ օր սպասուող բանակցութիւնները պէտք է հիւլէական թղթածրարէն առաջ կեդրոնանան Իրանի մէջ բռնաճնշումին վրայ»:

Պարրօ պետական «Ֆրանս Թելեւիզիոն»-ին յայտնեց. «Առաջին որոշումները, որոնք պէտք է տրուին, ի հարկէ, այս արիւնալի բռնաճնշումներուն վերջ տալը, բանտարկեալները ազատ արձակելը, հաղորդակցութեան միջոցները վերականգնելն ու Իրանի ժողովուրդին ազատութիւնը վերադարձնելն է, ապա հիւլէական զէնքի, հրթիռներու եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու աջակցութեան հարցերը լուծելը»:

 

Leave a Comment