Թեհրան Պատրաստ Է Իւրանիոմի Հարստացման Մակարդակը 60 Առ Հարիւրէն 20 Առ Հարիւրի Նուազեցնելու

Իրան պատրաստ է իւրանիոմի հարստացման մակարդակը նուազեցնելու, սակայն ատոր համար պէտք պիտի ըլլայ վճարել: Այս մասին յայտարարեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Շամխանի:

Անոր համաձայն, Թեհրանը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իւրանիոմի հարստացման մակարդակը 60 առ հարիւրէն 20 առ հարիւրի նուազեցնելու:

Ան նշած է նաեւ, որ ասիկա կը կատարուի ներքին պահանջները սպասարկելու համար միայն:

Շամխանի նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաւանական զինուորական յարձակումի պարագային Իսրայէլը պիտի դառնայ Իրանի օրինական թիրախ, եւ արձագանգի տարողութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ հակառակ կողմի գործողութիւններէն եւ քայլերէն:

Leave a Comment