Հինգշաբթի, 9 յուլիս 2026-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան այցելեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Սըտիի` ընկերակցութեամբ երկրաչափ Յակոբ Սիմոնեանի եւ փաստաբան Սերժ Մելքոնեանի:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի պատուիրակութիւնը նախարարին ներկայացուց «Սեն Ժաք Փլազա» բնակարանային ծրագիրի պատմութիւնը եւ բնոյթը: Ներկայացնելէ ետք այս ծրագիրին դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր իրագործումը, քաղաքապետարանի պատուիրակութիւնը նախարարէն պահանջեց օգնել ելեկտրական հոսանք հասցնել բնակարանային ծրագիրին եւ զայն օժտել համապատասխան հաշուիչ սարքերով:
Նախարար Սըտի իր գնահատանքը յայտնեց այսպիսի նախաձեռնութիւններու եւ ընդգծեց իր դրական մօտեցումը արծարծուած հարցին նկատմամբ: