Գեղամ Արք. Խաչերեան Այցելեց «Ազդակ»

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան 10 յուլիսի առաւօտուն այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ։

Սրբազանին հետ ծաւալած զրոյցը կը վերաբերէր «Ազդակ»-ի 100-ամեակին ընդառաջ ծրագրուուղ եւ ի գործ դրուած աշխատանքներուն, յատկապէս արխիւի մասնագիտութեան պատրաստութեան, գրեթէ հարիւրամեակ մը առաջ մեկնարկած թերթօններու հաւաքման ու հրատարակութեան եւ այլ ձեռնարկներու։

Սրբազանը յատուկ կերպով անդրադարձաւ իրենց շրջանին մէջ «Ազդակ»-ի հետեւորդներու մեծ լսարանին՝ ընդգծելով յատկապէս «Ազդակ»-ի ճամբով լիբանանահայութեան հաւաքական կեանքին իրազեկ դառնալու երեւոյթը։

Leave a Comment