«Ազդակ»-ի 89-րդ Առցանց Լսարան. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Աշխարհաքաղաքականութիւնը

Խորագիրով նշուած նիւթով «Ազդակ»-ի 89-րդ լսարանին դասախօսեց թրքագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս դոկտ. Վարուժան Գեղամեան: Լսարանավարն էր` «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսը նախ անդրադարձաւ այս նիւթին մասին տարի մը առաջ փրոֆ. Ռուբէն Մելքոնեանի եւ իր համահեղինակած «Թուրանի ճանապարհի հայկական սեպը` «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հիմնահարցը» խորագիրը կրող գիրքի բովանդակութեան առանցքին, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի համար «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ընկալումին: Այնուհետեւ ան պարզաբանեց «Զանգեզուրի միջանցք» ձեւակերպման թուականի ճշդումին վերաբերող քաղաքական հանգամանքները, համաշխարհային քաղաքականութեան առանցքներէն մէկը դառնալու ընդհանուր պարունակին մէջ:

Դոկտ. Գեղամեան հանգամանօրէն անդրադարձաւ իր կողմէ բանաձեւուած հարցերուն եւ եւ վերլուծեց զանոնք.-

– Ի՞նչ կ՛ուզեն Թուրքիան եւ Ազրպէյճան իրականութեան մէջ
– Ի՞նչ է անոնց վերջնանպատակը
– Ինչո՞ւ այս նախաձեռնութիւնը կը կոչուի «Զանգեզուրի միջանցք» եւ ինչո՞ւ հիմա
– Ինչո՞ւ կ՛ուզեն ա՛յս ճանապարհը եւ ոչ թէ այլ ուղի
– Ի՞նչ քաղաքական եւ տնտեսական հետեւանքներ ունի անիկա
– Ի՞նչ են այս նախաձեռնութեան աշխարհաքաղաքական հետեւանքները
– Ինչո՞ւ անիկա դարձած է խաղաղութեան հաստատման նոր նախապայման
– Ի՞նչ են Հայաստանի Հանրապետութեան համար ստեղծուող վտանգներն ու հնարաւորութիւնները:

Դասախօսութեան ընթացքին դոկտ. Գեղամեան ներկայացուց Թուրանի ճանապարհէն մինչեւ «Զանգեզուրի միջանցք» ձեւակերպումի վերափոխումներու ընդհանուր հոլովոյթը:

Գիտական աշխատասիրութեան տուեալնեով յագեցած այս շահեկան դասախօսութեան յաջորդեց շատ աշխուժ քննարկում: Քննարկումի կարգով խօսք առին Պոլիսէն Բագրատ Էստուգեան, Արժանթինէն դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Միացեալ նահանգներէն դոկտ. Հրայր Պալեան, Չեխիայէն Յակոբ Ասատրեան, Լիբանանէն Սիլվա Գարավարդանեան, Քանատայէն Յակոբ Ճամպազեան:

Երկու ժամ տեւած դասախօսութեան ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=7lOudK6wW8c&t=26s

Leave a Comment