Հինգշաբթի, 9 յուլիս 2026-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը: Պատուիրակութեան կ՛ընկերանային ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը, խումբին անդամները, մարզիչներու կազմը, վարչական պատասխանատուներն ու գլխաւոր հովանաւոր Շանթ Շէկեանը` գլխաւորութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ճորճ Սապունճեանի:
Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան` աւելցնելով, որ անիկա ոչ միայն մարզական եւ սկաուտական շարժում մըն է, այլ նաեւ մարդակերտումի եւ հայակերտումի դպրոց մը, որուն միջոցով հայ նոր սերունդները մարմնամարզական կրթութեան առընթեր, նաեւ կը դաստիարակուին հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներով:
Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբին Լիբանանի ախոյեան դառնալը ապացոյց է, որ խմբային եւ հաւաքական հետեւողական աշխատանքով անպայման այսպիսի յաղթանակներու կրնանք հասնիլ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց հովանաւորներու դերակատարութեան կարեւորութիւնը` յաջողութիւն արձանագրելու համար: Ան այս ծիրին մէջ մասնաւորաբար յատուկ գնահատական խօսք ուղղեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբի գլխաւոր հովանաւոր Շանթ Շէկեանին եւ իրեն նման հայորդիներու, որոնք կը հովանաւորեն ՀՄԸՄ-ի մարզական խումբերը:
Իր կարգին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ճորճ Սապունճեան ընդհանուր գիծերու մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուց յառաջիկայ ծրագիրներն ու կատարուելիք աշխատանքները: Վեհափառ հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը տալով մաղթեց, որ ՀՄԸՄ-ը շարունակէ իր գործունէութիւնը` աւելի բարձր յաջողութիւններ նուաճելով: