Ուրբաթ, 10 յուլիս 2026-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ այցելութիւնը:
Երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ քննարկումները ընդգրկեցին երկու եկեղեցիներու գործակցութեան, վեհափառ հայրապետին Վատիկան կատարած այցելութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին հետ առնչուած հարցեր: