Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան Նշանակուած Է INALCO-IMAS/Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան «Գերազանցութեան Հրաւիրեալ Ամպիոնի» Աթոռակալ Գիտապետ 2026-2027 Ակադեմական Տարեշրջանին Համար

«Ինալքօ» (Institut national des langues et civilisations orientales) մաս կը կազմէ Փարիզի Սորպոն Համալսարանին. բարձր վարկ կը վայելէ իր Հայկական եւ յատկապէս Արեւմտահայ մշակոյթի բազմազան երեսակներուն նուիրուած դասընթացից համար, համայն աշխարհէն բարձրորակ ուսանողներ հրապուրելով, եւ եզակի է իր տեսակին մէջ։ Առ ի հետաքրքրութիւն՝ 1900-ական թուականներուն անուանի Antoine Meillet լեզուաբանը, որ Հրաչեայ Աճառեանի ուսուցիչը եղած է, … Read more

Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումի Լիբանանի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Դէպի Երեւան

109 ՀՄԸՄ-ականներէ բաղկացած ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքի պատուիրակութիւնը 23 յուլիսին արդէն իսկ հասաւ Հայաստան` իր մասնակցութիւնը բերելու  Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումին: «Երկար սպասումէ ետք ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պատուիրակութիւնը դարձեալ հայրենի հողին վրայ է:  Հայրենիքը մեզի միշտ նոյն ջերմութեամբ կը դիմաւորէ, իսկ մենք` նոյն սիրով ու խանդավառութեամբ կը վերադառնանք անոր գիրկը», կը նշուի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Դիմատետրի էջին … Read more

ՀՄԸՄ-ական Աշխուժութեամբ Եռուն Օրերը Կը Շարունակուին Հայաստանի Մէջ. Այսօր Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումին Բացումը` 900 Մասնակիցով

Համա-ՀՄԸՄ-ական աշխուժութեամբ եռուն օրերը կը շարունակուին Հայաստանի մէջ, ուր մէկ շաբթուան ընթացքին երեք կարեւոր ու մեծ ձեռնարկներ գրեթէ միաժամանակ կը կատարուին Երեւանի, Աղվերանի եւ Բիւրականի մէջ: Կարեւորագոյն եւ մեծագոյն ձեռնարկը` համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ ընդհանուր բանակումը, ընթացք կ՛առնէ այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), պաշտօնական արարողութեամբ մը, որ ուղղակիօրէն կը սփռուի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի բոլոր … Read more

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին. 22 Յուլիսի` «Հայ Մարզիկի Օր»-ուան Առիթով Արցախի Մարզիկներու Գնահատանքի Երեկոյ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յաձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. համագումարի մասնակիցներուն մասնակցութեամբ, երեքշաբթի, 22 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Երեւանի «Հոլիտէյ ին» պանդոկի «Արմաւիր» սրահին մէջ նշուեցաւ «Հայ մարզիկի օր»-ը: Անիկա հինգ տարի է ի վեր կը նշուի 22 յուլիսին` հայ մարմնակրթութեան մեծ ռահվիրայ Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեանը օրը: Այս տարի, սակայն, ան շուք եւ թելադրականութիւն … Read more

Համա-ՀՄԸՄ-ական Քարոզչական Ա. Համագումարը Իր Աշխատանքները Կը Շարունակէ Երեւանի Մէջ

Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. համագումարը երէկ` երեքշաբթի, 21 յուլիսին, Երեւանի մէջ իր աշխատանքները շարունակեց երկու նիստով եւ երկու այցելութեամբ: Առաւօտեան, համագումարին մասնակիցները այցելեցին Եռաբլուր եւ ներկայ գտնուեցան սկաուտական «Արարատեան» կարգի 61 մասնակիցներու փողկապներու տուչութեան: Եռաբլուրի Սրբոց Նահատակաց մատրան մէջ փողկապները օրհնեց Դադիվանքի նախկին վանահայր, մատրան հոգեւոր հայր Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննէսեանը: Ապա, համագումարի մասնակիցներն ու «Արարատեան» կարգի … Read more

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վերապատուելի Հայտոսթեանի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի գլխաւորութեամբ, երեքշաբթի, 21 յուլիս 2026-ին այցելեց Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի: Պատուիրակութիւնը առաջին հերթին շնորհաւորեց Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակը` վեր առնելով անոր ազգային բազմակողմանի դերակատարութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկումի առանցք հանդիսացան Լիբանանի եւ հայութեան դիմագրաւած … Read more

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Զօրակցական Նամակ` Կիպրոսի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Կիպրոս թրքական ներխուժման 52-ամեակին առիթով զօրակցական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Մարիա Հաճիթէոտոսիուին: «Այս հանդիսաւոր ամեակը յարձակումի, բռնագրաւումի եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան շարունակական խախտման հետեւանքներու մասին յիշեցում կը կատարէ: Աւելի քան հինգ տասնամեակ ետք, տեղահանութեան, կղզիի բաժանման եւ հիմնարար իրաւունքներու ժխտման ցաւը կը մնայ … Read more

Համա-ՀՄԸՄ-ական Քարոզչական Ա. Համագումարը Երեւանի Մէջ Սկսաւ Եռօրեայ Իր Աշխատանքներուն

Երէկ` երկուշաբթի, 20 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Երեւանի «Հոլիտէյ ին» պանդոկին «Արմաւիր» սրահին մէջ սկսան համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. համագումարին աշխատանքները` մասնակցութեամբ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու քարոզչական պատասխանատուներու, կազմակերպիչ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչներու եւ Կեդրոնական վարչութեան վեց անդամներու, ընդամէնը` 30 մասնակիցներ: Ծանօթ է, որ այս օրերուն Հայաստան դարձած է համա-ՀՄԸՄ-ական ձեռնարկներու ժամադրավայր: Համագումարին … Read more

ՀՄԸՄ-ի Առաջին Նաւապտոյտը Կը Պսակուի Մեծ Յաջողութեամբ

ՀՄԸՄ-ի եւրոպական առաջին նաւապտոյտը, Դանուբ գետին վրայ, այսօր` երկուշաբթի, 20 յուլիսին իր աւարտին կը հասնի «Անապելլա» նաւուն Պուտափեսթ ժամանումով: Արդարեւ, երկուշաբթի, 13 յուլիսին, Գերմանիոյ Վիլշոֆըն քաղաքէն ճամբայ ելած նաւը, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ եւ Սլովաքիոյ վեց քաղաքները շրջելէ ետք, այսօր իր վերջին կանգառը կը դարձնէ Հունգարիոյ մայրաքաղաքը: Անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին, նաւապտոյտը 130 մասնակիցներուն գեղեցիկ առիթը ընծայեց, … Read more

Քիւրքճեան Արժանացած Է Ֆրանսայի «Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ»-ի Շքանշանին

Ֆրանսահայ անուանի օծանելիքագործ (parfumeur), «Տիոր»-ի բուրմունքներու բաժանմունքի ստեղծագործական բաժինի տնօրէն եւ «Մեզոն Ֆրանսիս Քիւրքճեան»-ի հիմնադիր Ֆրանսիս Քիւրքճեան արժանացած է Ֆրանսայի պետական բարձրագոյն պարգեւին` «Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ»-ի շքանշանին: Այս մասին հաղորդեց «Նոր Յառաջ»-ը: Քիւրքճեան այս պատիւը ձօնած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Ֆրանսայի մէջ ապաստան գտած իր մեծ ծնողներուն` ընդգծելով, որ անոնց քաջութիւնն ու արժէքները խորագոյն … Read more