Պալապանեան. «Թիրախաւորուող Շրջաններուն Մէջ Հայութեան Թիւը Համեմատաբար Նուազ Է»

«Հիմա հայաբնակ շրջանները համեմատաբար աւելի հանդարտ են, անշուշտ կան այն շրջանները, որոնք շարունակ կը ռմբակոծուին պատերազմի սկիզբէն ի վեր, այնպէս չէ, որ հոն բնաւ հայութիւն չկայ, բայց եթէ բաղդատական պիտի ընենք բնակչութեան խտութեան իմաստով, այդ շրջաններուն մէջ աւելի նուազ թիւով հայեր կան», յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան երէկ հայրենի «Հ1» հանրային պատկերասփիւռի … Read more

Յակոբ Բագրատունի. «Մեզի Համար Հիմնականը Մեր Ժողովուրդի Կամքը Ամուր Պահելն Է Եւ Լիբանանեան Մեր Հայրենիքին Կառչիլը»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ հեռավար հարցազրոյց ունեցաւ Աւստրալիոյ «Արմինիըն  Միտիա» կայանի հաղորդավար Նորա Սեւակեանի հետ: Հարցազրոյցը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու դրութեան վրայ` արձանագրուող ապահովական ու զինուորական նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ: Անդրադառնալով Լիբանանի ու յատկապէս լիբանանահայութեան ներկայ դրութեան` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ … Read more

Պատուիրակութիւններ Շարունակեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան Իրենց Այցելութիւնը

Ապահովական նորագոյն զարգացումներուն լոյսին տակ երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան այցելեցին նոր պատուիրակութիւններ` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու քաղաքապետարանին: Այս ծիրին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին կուսակցութեան փոխնախագահ Ղասսան Խուրի, նախկին երեսփոխան Էտի Մաալուֆ եւ շրջանին մէջ նշեալ կուսակցութեան կարգ մը պատասխանատուներ: … Read more

Պուրճ Համուտի Ծայրամասին Շէնքի Մը Թիրախաւորման Լոյսին Տակ. Քաղաքական Եւ Կուսակցական Պատուիրակութիւններ Այցելեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան այցելեցին քաղաքական եւ կուսակցական անձնաւորութիւններ ընդգրկող պատուիրակութիւններ` իրենց զօրակցութիւնն ու օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը յայտնելու Պուրճ Համուտի ծայրամասին` Նապաայի մէջ իսրայէլեան հրթիռային յարձակման առիթով: Արդարեւ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ` ուրբաթ, 13 մարտ 2026-ին, քաղաքապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր երեսփոխան Ռազի Հաժ եւ Պուրճ Համուտի … Read more

Կաթողիկոսարանը Մնայուն Կապի Մէջ Է Միջին Արեւելքի Այլ Համայնքներու Կարգին Իրանի Հայութեան Հետ

Երէկ եւս, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շարունակելով իր կապերը Միջին Արեւելքի մէջ հաստատուած մեր համայնքներուն հետ, հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսերեճեանի հետ: Յիշեալ շրջաններուն մէջ ընդհանուր անապահովութիւնն ու անորոշութիւնը կը շարունակուի: Վեհափառ հայրապետը նաեւ հեռաձայնային կապեր … Read more

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի եւ տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւններն ու զարգացումները եւ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնն ու հաւանական հետեւանքները: Արծարծուեցաւ նաեւ շրջանային ներկայ դրութեան անդրադարձը կովկասեան ճակատի եւ յատկապէս Հայաստանի … Read more

Հայ Ազգային Բուժարանի Ի Նպաստ Բարեսիրական Համերգ` IM Project Խումբի Հայկական Մաքուր Երգով Ու Իւրայատուկ Մեկնաբանութեամբ

Կիրակի, 1 մարտին եւ երկուշաբթի, 2 մարտին լիբանանահայ արուեստասէրները առիթը ունեցան վայելելու Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին խնամակալութեան հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ Լիբանան ժամանած հայրենի  IM Project խումբի երգիչներուն իւրայատուկ եւ տպաւորիչ համերգները: «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած համերգին սկիզբը բուժարանի խնամակալութեան անունով խօսք առաւ Սօսի Փոլատեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց բուժարանը ու բացատրեց բարեսիրական … Read more

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Միջին Արեւելքի Հայ Համայնքներու Կացութեան

Այսօր ամբողջ օրը, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կրցաւ կապ հաստատել շրջանի մեր եկեղեցական ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ: Անոնցմէ ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, շրջանը հետեւեալ ընդհանուր կացութիւնը կը պարզէ.- – Քաթարի, Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ կը շարունակէ տիրել ընդհանուր անապահովութիւն ու անորոշութիւն: Բնականաբար, յիշեալ երկիրներու ընկերատնտեսական վիճակը նահանջի մէջ է: Հայ համայնքները մարդկային ու … Read more

Պալապանեան. «Կը Հաւատանք, Որ Արտասահմանի Լիբանանահայերը Պիտի Ընդառաջեն Օժանդակութեան Որեւէ Առաջարկի»

«Պատերազմը ինքնին քանդիչ է, աւերիչ է, դժբախտաբար ցարդ տարուող ճիգերը ոչ մէկ դրական նշան ցոյց կու տան, որ պատերազմի աւարտը մօտալուտ է», յայտարարեց   ՀՅԴ Լիբանանի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան երէկ «Վանայ ձայն»-ին հետ կայացած յատուկ հարցազրոյցի ընթացքին: Հարցազրոյցը վարեց «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան յիշեցուց, որ նախորդ տարուան յունիսին «մենք ապրեցանք նման փորձառութիւն, որ թէեւ … Read more

Բագրատունի. «Պահպանե՛նք Մեր Բանակը» – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Դիմատետրի իր էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարեց. «Լիբանանեան բանակը խաղաթուղթ մը չէ հակամարտութիւններու խաղին մէջ, ոչ ալ գործիք մըն է միջազգային պատերազմներուն մէջ: Անիկա հաստատութիւն մըն է, որ ստեղծուեցաւ ամբողջ Լիբանանը պաշտպանելու համար, համախմբող հաստատութիւն մը, որ ինքզինք չսպառեր քաղաքականութեան եւ … Read more