Կիրակի, 1 մարտին եւ երկուշաբթի, 2 մարտին լիբանանահայ արուեստասէրները առիթը ունեցան վայելելու Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին խնամակալութեան հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ Լիբանան ժամանած հայրենի IM Project խումբի երգիչներուն իւրայատուկ եւ տպաւորիչ համերգները:
«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած համերգին սկիզբը բուժարանի խնամակալութեան անունով խօսք առաւ Սօսի Փոլատեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց բուժարանը ու բացատրեց բարեսիրական այս նախաձեռնութեան նպատակը` արժանավայել կեցութիւն ապահովել պատսպարեալներուն: Ապա հանդիսատեսները դիտեցին բուժարանին եւ անոր գործունէութեան վերաբերող տեսերիզ մը:
Պաշտօնական բաժինէն ետք բեմ բարձրացան IM PROJECT-ի անդամները եւ մօտաւորապէս երկու ժամուան տեւողութեան անոնք հրամցուցին հայերէն մաքուր երաժշտութիւնն ու հարազատ երգերը` բացառիկ կատարողութեամբ: Ներկաները վայելեցին շարանը երգացանկի մը, որ կ՛ընդգրկէր` ազգայինը, սիրայինը, ազգագրականը, հայրենասիրականն ու յատկապէս Երեւանին նուիրուած երգեր: Հանդիսատեսները խանդավառուեցան, յուզուեցան, միացան երգերուն, պարեցին ու ծափահարեցին` ըմբոշխնելով հայկական հարազատ ու գեղեցիկ արուեստը, իրենց կարգին յուզելով նաեւ երգիչները, որոնք սրտի ջերմ խօսքեր արտասանեցին պարբերաբար եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին այս առիթին համար:
Արուեստասէրներուն փափաքին ընդառաջելով` կիրակի օր նախօրօք չնախատեսուած երկրորդ համերգի մը կայացումը վերահաստատեց լիբանանահայ հանդիսատեսին սէրը եւ գնահատանքը մաքուր ու գեղեցիկ արուեստին:
Համերգներէն գոյացած հասոյթը տրամադրուեցաւ Ազգային բուժարանի «Պատսպարեալներու ֆոնտ»-ին:
Այս նախաձեռնութիւնը եկաւ միաձուլելու բարեսիրութիւնն ու հայ մշակոյթը` հաստատելով, որ հայ երգով, արուեստով եւ երաժշտութեամբ ապրիլն ու զայն ըմբոշխնելը եւս առիթ են դոյզն չափով իսկ ներդրում ունենալու հայ պատսպարեալներուն ի նպաստ տարուող նուիրական աշխատանքին մէջ: