Լեւոն ԺԴ. Պապին Շնորհաւորագիրը` Ուղղուած Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Վատիկանի պապական նուիրակ Փաուլօ արքեպիսկոպոս Պորճիան եւ վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Լեւոն ԺԴ. պապին շնորհաւորագիրը, երկուշաբթի, 5 յունուար 2026-ի առաւօտեան: Նամակին մէջ պապը վեհափառ հայրապետին իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ` Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին միջեկեղեցական ու միջկրօնական հանդիպումներուն մասնակցութեան համար: Այս առիթով, պապական նուիրակը վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Նոր տարուան … Read more

«Երգենք Փրկիչին Ծնունդը» Խորագրեալ Համերգ՝ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի կամարները զարդարուեցան Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» եւ մանկապատանեկան «Նարեկացի» երգչախումբերուն «Երգենք Փրկիչին Ծնունդը» խորագրեալ Սուրբ Ծննդեան համերգով, խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, Շաբաթ, 3 Յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Աննա Նազարեան։ Ան ըսաւ, որ զոյգ երգչախումբերը Նոր տարին եւ Սուրբ … Read more

6.684.000.000 Լ. Ոսկիի Նիւթական Օժանդակութիւն` 2452 Պարագայի 3.244.000.000 Լ. Ոսկիի Պարենային Օժանդակութիւն` 894 Պարագայի – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը անցնող տարեշրջանին շարունակելով մեր ժողովուրդին տարբեր կարիքները բաւարարելու իր առաքելութիւնը` ընդունած է 8525 պարագայ, ամսական միջին հաշուով 710 անձ: Գրասենեակը 6.684.000.000 լ. ոսկի (Վեց միլիառ վեց հարիւ ութսուն չորս միլիոն լ. ոսկի) նիւթական օժանդակութիւն կատարած է 2452 պարագայի: Պարենային եւ կենցաղային կարիքներու ծրարներ տրամադրուած են 894 ընտանիքի` 3.244.000.000 լ. ոսկի (Երեք միլիառ … Read more

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորեան Պատգամը. Եկէք Վերանորոգ Հաւատքով Ու Յոյսով Դիմաւորենք Նոր Տարին

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, Նոր տարին կը դիմաւորենք տագնապներով ու անորոշութիւններով լեցուն պայմաններու մէջ: Արդարեւ, ճակատագրական օրեր կ՛ապրի Հայաստանը: Քաջ գիտնալով, որ մեր հայրենիքը կրնայ վտանգալից կացութեան մատնուիլ, երկիրը վտանգներէ հեռու պահելու մեր իրատես մօտեցումը յաճախակի կերպով պարզեցինք. Սուրբ Էջմիածնի ներքին հարցերը ներեկեղեցական միջոցներով քննելու ու համապատասխան լուծումներ գտնելու հրամայականը շեշտեցինք. համահայկական արժէքներու ու իտէալներու շուրջ … Read more

Պալապանեան. «Լիբանանահայութիւնը Պիտի Շարունակէ Իր Հիմնական Դերակատարութիւնը Ունենալ Համագաղութային Եւ Հայ Դատի Աշխատանքներուն Մէջ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան «Վանայ ձայն»-ի «Տօնական բարեւ» յայտագիրի ընթացքին անդրադառնալով լիբանանահայութեան համար 2025 տարուան յայտնեց. «Լիբանանահայութիւնը մէկ մասնիկն է համալիբանանեան պատկերին եւ բնականաբար չի կրնար չազդուիլ Լիբանանի վերիվայրումներէն ու անցուդարձներէն»: «Նախագահական աթոռի քանի մը տարի թափուր մնալէն ետք նախագահ ընտրուեցաւ, եւ մենք` իբրեւ ՀՅԴ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոք, քուէարկեցինք ի նպաստ … Read more

Բագրատունի. «Ոչ Ոք Խաղաղութեան Դէմ Է, Սակայն Մենք Կը Խօսինք Համապարփակ Եւ Արդար Խաղաղութեան Մասին»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Վանայ ձայն»-ի խօսնակ Հալա Հատտատի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «2025 թուականը կռնակէն հարուածեց բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատային մարդու իրաւունքներուն, ինքնորոշման իրաւունքին եւ ՄԱԿ-ի սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ ոտնահարեց բոլոր այն գեղեցիկ նշանաբանները, զորս մեծ երկիրները միշտ կը կրկնեն: Այսօր 2026 թուականի երկրորդ … Read more