Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը:

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի եւ տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւններն ու զարգացումները եւ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնն ու հաւանական հետեւանքները:

Արծարծուեցաւ նաեւ շրջանային ներկայ դրութեան անդրադարձը կովկասեան ճակատի եւ յատկապէս Հայաստանի վրայ:

Բագրատունի դեսպան Պաղտասարեանին ներկայացուց Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմին ընդհանուր համայնապատկերը եւ այս շրջանակին մէջ հայ համայնքի իրավիճակն ու տագնապալի հարցերուն նկատմամբ դիրքորոշումները:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը յաջողութիւն մաղթեց նոր նշանակուած դեսպանին` Լիբանանի մէջ իր առաքելութեան:

Leave a Comment