Պատուիրակութիւններ Շարունակեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան Իրենց Այցելութիւնը

Ապահովական նորագոյն զարգացումներուն լոյսին տակ երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան այցելեցին նոր պատուիրակութիւններ` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու քաղաքապետարանին:

Այս ծիրին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին կուսակցութեան փոխնախագահ Ղասսան Խուրի, նախկին երեսփոխան Էտի Մաալուֆ եւ շրջանին մէջ նշեալ կուսակցութեան կարգ մը պատասխանատուներ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի կարգ մը անդամներ: Այս առիթով խօսակցութիւնները կեդրոնացան ապահովական վերջին իրադարձութեանց վրայ, յատկապէս իսրայէլեան հրթիռարձակման լոյսին տակ` պարզելով այդ յարձակումներու տարողութիւնն ու անոնց հետեւանքը շրջանի բնակիչներու կացութեան վրայ:

Նոյն ծիրին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան այցելեց նաեւ Մեթնի երեսփոխան Միշել Մըր` ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան  մը:  Խորհրդակցութիւնները նոյնպէս կեդրոնացան շրջանի ապահովական ընդհանուր իրավիճակին վրայ, յատկապէս իսրայէլեան յարձակման լոյսին տակ` պարզելով նման արարքներու հետեւանքն ու ազդեցութիւնը շրջանի բնակիչներու ապրուստի եւ ընկերային իրավիճակին վրայ:

 

Leave a Comment