Պուրճ Համուտի Ծայրամասին Շէնքի Մը Թիրախաւորման Լոյսին Տակ. Քաղաքական Եւ Կուսակցական Պատուիրակութիւններ Այցելեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան այցելեցին քաղաքական եւ կուսակցական անձնաւորութիւններ ընդգրկող պատուիրակութիւններ` իրենց զօրակցութիւնն ու օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը յայտնելու Պուրճ Համուտի ծայրամասին` Նապաայի մէջ իսրայէլեան հրթիռային յարձակման առիթով: Արդարեւ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ` ուրբաթ, 13 մարտ 2026-ին, քաղաքապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր երեսփոխան Ռազի Հաժ եւ Պուրճ Համուտի ու Հիւսիսային Մեթնի կուսակցական պատասխանատուներ: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ:

Ապա քաղաքապետ Պօղոսեան ընդունեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ եւ Պուրճ Համուտի ու Մեթնի կուսակցական պատասխանատուներ:

Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ ստեղծուած կացութեան բերումով մարդկային եւ ընկերային կարիքներուն ընդառաջելու կարելիութեանց վրայ:  Այս առիթով անհրաժեշտ նկատուեցաւ շրջանի կայունութեան եւ քաղաքային անդորրութեան ամրագրման շեշտաւորումը:

 

 

 

Leave a Comment