Հաղորդագրութիւն

Շաբաթ օր ՀՅԴ Լիբանանի Հանրային կապերու գրասենեակը հետեւեալ ցաւակցական հաղորդագրութիւնը տարածեց. «ՀՅԴ Լիբանանի Հանրային կապերու գրասենեակը խորազգած ցաւակցութիւն կը յայտնէ Լիբանանի մամլոյ եւ լրագրական ընտանիքին, որ կորսնցուց իր զաւակներէն հոյլ մը: Անոնք նահատակուեցան ի պաշտպանութիւն արդարութեան եւ ճշմարտութեան խօսքին` իսրայէլեան շարունակական յարձակումներուն դիմակայման ընթացքին: Անոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին Լիբանանի գոյատեւման համար` հաւատալով, որ ճշմարտութեան եւ … Read more

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանք

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, 21 փետրուար 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանքը: Մրցանքին մասնակիցները ողջունեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նարէ Գալեմքէրեան: Ան դիտել տուաւ, որ սոյն նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի քաջալերել հայ աշակերտը` արտայայտուելու եւ ստեղծագործելու արեւմտահայերէնով, իր միտքներն ու զգացումները անկաշկանդ ձեւով … Read more

Սպահանի Մէջ Հայ Զոհ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Սպահանի մէջ սաստիկ հրթիռակոծումներու իբրեւ հետեւանք արձանագրուած է հայ զոհ մը՝ Սիմոնեան մականունով։ Տեղեկութիւնը փոխանցուեցաւ Թեհրանէն՝ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքին։ Վեհափառ Հայրապետը կը շարունակէ առօրեայ դրութեամբ կապ հաստատել պատերազմի մէջ յայտնուած երկիրներու մէջ գործող մեր բոլոր թեմերու պատասխանտուներուն հետ։ Թեհրանի թեմի պատասխանատուները Հայրապետին զեկուցեցին, որ վերջին օրերուն սաստիկ հրթիռակոծումներու կ՚ենթարկուին Թեհրանն ու Սպահանը։

ՀՅԴ-ի Թեկնածուները Նշանակուեցան Տնտեսական-Ընկերային-Կենսոլորտային Խորհուրդի Անդամներ

Լիբանանի կառավարութիւնը 5 մարտ 2026-ին վարչապետարանին մէջ իր գումարած ժողովին նշանակեց Տնտեսական-ընկերային-կենսոլորտային խորհուրդի անդամները, որոնցմէ երկուքը` ՀՅԴ-ի թեկնածուներ Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան եւ դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան: Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան 1997-ին աւարտած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանը` ճարտարագիտական հոգեբանութիւն-մարդկային պաշարներու կառավարում մասնագիտութեամբ, մագիստրոսի աստիճանով: 2001-ին կը ստանայ IRCA Lead Auditor for ISO 9001 վկայականը QMI-SAI Canada Limited-էն: Ակադեմական իր փորձառութեան … Read more

Լեռնալիբանանի Սովին Վերաբերող Ուսումնասիրական Նոր Գիրքի Շուրջ Զրոյց-Հանդիպում

Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահի եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, երէկ` հինգշաբթի, 26 մարտի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԿՄ-ի «Նիրվա եւ Վարուժ Նարկիզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատելի եւ դոկտ. Անտրէ Նասսարի Լեռնալիբանանի սովին, (1914-1918) վերաբերող վերջին աշխատասիրութեան շուրջ զրոյց-հանդիպում մը` ներկայութեամբ լիբանանցի պատմաբաններու եւ … Read more

Այնճարէն Պատուիրակութիւն Մը Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուաւ Մաժտալ Այնճարի «Ազհար» Համալիր

Երկուշաբթի , 23 մարտ 2026-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Այնճարէն պատուիրակութիւն մը Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Զահլէի եւ Պեքայի միւֆթի դոկտ. Շէյխ Ալի Ղազզաուիի, Մաժտալ-Այնճարի «Ազհար» համալիրի իր նստավայրին մէջ: Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանէ, փոխքաղաքապետ Շահան Փանոսեանէ, գիւղի երեք համայնքներու հոգեւոր հովիւներէ, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յարութ Զէյթլեանէ, կոմիտէի … Read more

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Երեք Համայնքապետներուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ հանդիպումէն ետք, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը նախորդ շաբթուան ընթացքին այցելութիւններ տուաւ Լիբանանի երեք համայնքապետներուն: Վարչականները այցելեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) նախագահի տեղապահ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին եւ հայ կաթողիկէ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին: Հանդիպումները առիթ … Read more

Անթիլիասի Ուխտի Օրը Նշուեցաւ Մեծաշուք Հանդիսութեամբ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը իր Սուրբ Խորանի վարագոյրը բացաւ Գալստեան կիրակիին, 22 մարտ 2026-ի առաւօտուն` նշելով հայրապետարանի Ուխտի օրը: Արդարեւ, հանդիսապետութեամբ Սուրբ աթոռի գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, մայրավանքին մէջ սուրբ պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Պատարագիչ սրբազան հայրը իր … Read more

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին Նախագահութեամբ Միջ-Կուսակցական Խորհրդակցութիւններ

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով եւ նախագահութեամբ, Երկուշաբթի, 23 Մարտ 2026-ի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութեան Մայրավանքի վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։ Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին կուսակցութիւններուն համահայկական եւ լիբանանեան մարմիններու ներկայացուցիչները։ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութենէն՝ Ալեքսան Քէօշկէրեան եւ Վանիկ Տաքէսեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն՝ Յակոբ Բագրատունի եւ Ալպէր … Read more

«Ազդակ»-ի 85-րդ Լսարան. Բովանդակալից Դասախօսութիւն Խազագրութեան Մասին Երաժշտագէտ Փրոֆ․ Հայկ Իւթիւճեանի Կողմէ

«Ազդակ»-ի 85-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 19 մարտ, 2026-ին, Պէյրութի ժամով 18:00-ին։ Դասախօսն էր Փրակի «Կարոլեան» համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ փրոֆ․ Հայկ Իւթիւճեան, նիւթ ունենալով՝  «Նախնիք եւ խազերը»։Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեքտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։ Դասախօսը նիւթը սկսաւ հայ երաժշտագիտութեան մէջ ամենահեղինակաւոր անուններէն Եղիա Տնտեսեանի բնութագրումները ներկայացնելով երաժշտութեան մասին։ Ապա, Խազերու օգտագործման պատճառականութեան ծալքերուն մասին համապարփակ … Read more