Բագրատունի. «Պահպանե՛նք Մեր Բանակը» – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Դիմատետրի իր էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարեց.

«Լիբանանեան բանակը խաղաթուղթ մը չէ հակամարտութիւններու խաղին մէջ, ոչ ալ գործիք մըն է միջազգային պատերազմներուն մէջ: Անիկա հաստատութիւն մըն է, որ ստեղծուեցաւ ամբողջ Լիբանանը պաշտպանելու համար, համախմբող հաստատութիւն մը, որ ինքզինք չսպառեր քաղաքականութեան եւ հակամարտութիւններու հաշիւներուն մէջ: Զայն պարանաձգութիւններէն հեռու պահելը ազգային պարտականութիւն է: Պահպանե՛նք մեր բանակը»:

Leave a Comment