Լիբանանի ներկայ իրավիճակէն մեկնելով եւ ապահովական նկատառումներով, Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի առիթով այս տարի տեղի ունեցաւ ոգեկոչման համեստ, բայց խորիմաստ ձեռնարկ մը` շաբաթ, 25 ապրիլ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան գործակցութեամբ, մասնակցութեամբ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի, «Աղբալեան» պատանեկան միութեան եւ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին:
Ծրագիրը բացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի շեփորախումբին կողմէ հնչած քայլերգներով, ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում Նահատակաց յուշամատրան առջեւ:
Բացման խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի ներկայացուցիչ Նանար Հաւաթեան, որ յայտնեց, թէ ապրիլ 24-ը հայ ժողովուրդին համար միայն սուգի օր չէ, այլ նաեւ` ուխտի վերանորոգման եւ պայքարի վերահաստատման օր: Ան շեշտեց, որ հայութեան ներկայութիւնը նման ձեռնարկներուն մէջ վկայութիւն մըն է այն իրականութեան, թէ թշնամիին ծրագիրը ձախողած է, որովհետեւ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ գոյատեւել, ստեղծագործել եւ պահանջել իր իրաւունքները:
Ն. Հաւաթեան ընդգծեց նաեւ, որ այս օրը ոչ միայն անցեալին յիշեցում է, այլ նաեւ` ներկայի եւ ապագայի ուղեցոյց: Ան անդրադարձաւ սկաուտական տարազին եւ «Մի՛շտ պատրաստ» նշանաբանի խորհուրդին` նշելով, որ անիկա կը խորհրդանշէ նուիրում, ծառայութիւն եւ պատասխանատուութիւն: Ան կոչ ուղղեց երիտասարդներուն` ըլլալու օրինակելի, հաւատարիմ եւ միշտ պատրաստ` ծառայելու ազգին ու հայրենիքին:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը չկրցաւ կոտրել հայ ժողովուրդի ոգին, ոչ ալ ջնջել անոր ինքնութիւնը: Ան ընդգծեց, որ 1915-ի ոճիրը նպատակ ունէր ոչ միայն բնաջնջել ժողովուրդը, այլ նաեւ` վերացնել անոր յիշողութիւնը, լեզուն եւ պատմութիւնը, սակայն հայութիւնը վերապրեցաւ եւ վերածնաւ:
Ան անդրադարձաւ նաեւ ներկայի մարտահրաւէրներուն, յատկապէս` Արցախի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, նշելով, որ հակահայ քաղաքականութիւնը կը շարունակուի տարբեր ձեւերով, ներառեալ` մշակութային ոչնչացումը: Ան այս երեւոյթը բնութագրեց որպէս «սպիտակ ցեղասպանութիւն»` լուռ, բայց վտանգաւոր գործընթաց, որ կը միտի ջնջելու ժողովուրդին յիշողութիւնն ու հետքը:
Յակոբ Տէր Ղուկասեան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր պայքարը ոչ միայն իբրեւ զոհերու ժառանգ, այլ որպէս պահանջատէր եւ պայքարող ազգ` հաւատարիմ մնալով իր լեզուին, ինքնութեան եւ ազգային արժէքներուն, եւ շարունակելով պահանջել ճանաչում, արդարութիւն եւ հատուցում:
Ան իր խօսքը եզրափակեց` վստահութիւն յայտնելով, որ միասնականութեամբ, յարատեւ աշխատանքով եւ աննկուն կամքով հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը` հաւատարիմ մնալով իր արմատներուն եւ կերտելով նոր յաղթանակներ:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով` ներկաներուն մէջ վերահաստատելով ազգային միասնութեան, յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան ոգին:

