Երեքշաբթի, 5 մայիս 2026-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին միջեւ: Հանդիպման ներկայ էին Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Տաճատ եպս. Աշըգեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու եկեղեցիներուն գործակցութեան, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետին Վատիկան կատարելիք այցելութեան առնչուած հարցեր: