Իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը (AUB) որոշեց «Գերազանց ուսուցման Սաումա Պուժաուտէ» մրցանակով («Saouma Boujaoude Teaching Excellence Award») պարգեւատրել իր անձնակազմի երկու աւագ դասախօսներ, որոնցմէ մէկը` ի հպարտութիւն լիբանանահայութեան, փրոֆ. Յակոբ Փանոսեանն էր: Չորեքշաբթի, 29 ապրիլ 2026-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին համալսարանի «Ատա Տոճ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փրոֆ. Յակոբ Փանոսեանի եւ դեղագործութեան դասախօս դոկտ. Ումայա Մշարրաֆիէի պարգեւատրումը` ներկայութեամբ համալսարանի դասախօսներուն ու պատասխանատուներուն, ակադեմականներու, ուսանողներու եւ պարգեւատրեալներու ընտանեկան պարագաներու եւ բարեկամներու խուռներամ բազմութեան:
2002-ին գերազանց ուսուցման առաջադրանքով հիմնուած ու տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող մրցանակաբաշխութեան պատասխանատու մարմինը` ակադեմական վերատեսուչի գրասենեակը (office of the provost), կ՛ընտրէ համալսարանի մէկ իգական եւ մէկ արական սեռի լաւագոյն դասախօսը: 2024-ին անիկա վերակոչուեցաւ համալսարանի վաստակաւոր ու գերազանց դասախօս` Սաումա Պուժաուտէի անունով:
Ակադեմական փոխվերատեսուչ դոկտ. Լինա Շուէյրիի ողջոյնի խօսքէն ետք յաջորդաբար ելոյթ ունեցան` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Ֆատլօ Ռ. Խուրի, ակադեմական վերատեսուչ դոկտ. Զահեր Տաուի, պարգեւատրեալներ դոկտ. Ումայա Մշարրաֆիէ եւ փրոֆ. Յակոբ Փանոսեան:
Համալսարանի նախագահ դոկտ. Ֆատլօ Ռ. Խուրի ողջունեց իւրայատուկ իրագործումները մրցանակակիր դասախօսներու, որոնք իրենց օգտաշատ ներդրումներով` բժշկական թէ առեւտրական մարզերու մէջ, համալսարանի եւ «Օլայան առեւտուրի դպրոց»-ի վարկը կը բարձրացնեն յաչս միջազգային ազդեցիկ ու արժանաւոր մարմիններու: Ան խիստ բարձր գնահատեց դոկտ. Ումայա Մշարրաֆիէի եւ փրոֆ. Յակոբ Փանոսեանի նորարարական անխոնջ ճիգերը` իրագործելու իրենց հետապնդած քայլերը` արհամարհելով ու յաղթահարելով Լիբանանի մէջ տիրող աննպաստ պայմանները (յատկապէս` ապահովական խոչընդոտները): «Լաւագոյն ուսուցիչները, գիտելիքներ ջամբելէն անդին, ուսանողներուն հետաքրքրութիւնը կը հրահրեն այնպէս, որ անոնք շարունակեն խթանել զայն դասապահի աւարտէն երկար ատեն ետք եւս` ուսուցումը վերածելով ինքնաբուխ մղիչ ազդակի», ընդգծեց դոկտ. Ֆատլօ Խուրի: Ան իր խոր ակնածանքն ու հպարտութիւնը յայտնեց նշեալ երկու ջահակիր եւ իւրայատուկ դասախօսներուն նկատմամբ, որոնք` «Կը մարմնաւորեն մեր առաքելութեան վսեմագոյն տեսլականները ու կ՛ըմբռնեն, թէ կրթութիւնը կ՛աճեցնէ մարդակերտումի խթանումը»: Խօսքը դասախօսներուն ուղղելով` ան ըսաւ. «Ձեր աշխատանքը կը մարմնաւորէ այն հիանալի, լաւագոյն արժէքները, զորս մեր համալսարանը կը մաքառի իրագործել»:
Համալսարանի ակադեմական վերատեսուչ դոկտ. Զահեր Տաուի նոյնպէս իր գոհունակութիւնը յայտնեց մրցանակաբաշխութեան պատկան մարմինին` յարմար անձերու ընտրութեան համար: Ան խոր դրուատիքով լուսարձակի տակ բերաւ փրոֆ. Յակոբ Փանոսեանի իրագործումները, որոնք իրենց առեւտրական նորարար գաղափարներու ներդրումով եւ իրագործած յաջողութիւններով Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը դասեցին միջազգային կրթական բարձրորակ կառոյցներու շարքին: Դոկտ. Տաուի մեծ գնահատանքով նշեց, որ Փանոսեան նոյն եռանդն ու ջանասիրութիւնը ցուցաբերեց ռազմավարական կառավարման ու միջազգային առեւտրական պարագաներու մրցակցային ծրագիրի դասաւանդման իր ոճին մէջ: Ան ակնածանքով դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս փրոֆ. Փանոսեան նախաձեռնեց ու հիմնեց նշեալ ծրագիրը` ներթափանցելով ու համարկուելով միջազգային բարձրորակ կառոյցի ծրագիրին մէջ, միաժամանակ այս համալսարանը դասելով առեւտուրի միջազգային առաջատար դպրոցներու ուրուագիծին վրայ:
Դոկտ. Տաուի նոյնպէս դրուատեց համալսարանի ընտանեկան բժշկութեան ամպիոնի վարիչ, դոկտ. Ումայա Մշարրաֆիէի նորարարական յաջող ներդրումը առողջապահական-դեղագործական մարզերէն ներս` ամրագրելով համալսարանին վարկը միջազգային ազդեցիկ կեդրոններու մօտ:
Ապա խօսք առաւ մրցանակակիր դոկտ. Ումայա Մշարրաֆիէ, որ սեղմ գիծերու մէջ նշեց պարգեւատրումի խթան հանդիսացած իր իրագործումներու հիմնական կէտերը:
«Լաւագոյն մանկավարժները ոչ միայն կը սորվեցնեն, այլ կը սնուցանեն, կը հաւատան, կը հոգան», յայտնեց դոկտ. Մշարրաֆիէ եւ շարունակեց. «Ուսուցիչին դերն է ստեղծել այնպիսի միջավայր, ուր մարդակերտումի աճը կը դառնայ անխուսափելի, եւ մեր մահէն բաւական ետք կը մնայ այն, ինչ որ մենք ընտրած ենք դաստիարակել»:
Իր կարգին իր սրտի խօսքը արտասանեց փրոֆ. Յակոբ Փանոսեան, որ իր խորազգաց զգացումները արտայայտեց իրեն տրուած տարուան «Գերազանց ուսուցման Սաումա Պուժաուտէ» մրցանակին եւ զինք ընտրելուն համար: «Խորապէս պատուըուած կը զգամ», խոստովանեցաւ ան` շեշտելով, որ այս մրցանակը անհատական ամէնէն իմաստալից ճանաչումն է, որ ցարդ ստացած է: «Այսուհանդերձ, ես հաստատօրէն կը հաւատամ, որ գերազանց ուսուցումը երբեք անհատական իրագործում չէ, անիկա հաւաքական ուղեւորութիւն է ուսանողներու եւ պաշտօնակիցներու հետ, հիմնարկի զօրակցութեամբ եւ առաջնորդուած համալսարանի առաքելութեամբ, տեսլականով ու ղեկավարութեամբ», ըսաւ ան: Ապա փրոֆ. Փանոսեան խօսեցաւ իր ձեռնարկած Առեւտրական պարագաներու մրցակցային ծրագիրի հիմնադրութեան եւ իրագործման պայմաններուն մասին, երբ փորձառական զբաղումով մեկնարկած փոքր նախասիրութիւն մը հետզհետէ զարգանալով` կը վերածուի իսկական կոչումի: Ըստ անոր, աւանդական ուսուցչակեդրոն դասարանը հետզհետէ նոր մարտահրաւէրներ կը դիմակալէ, առ այդ, պէտք է մտածել ու ծրագրել յառաջիկային հաշուոյն: Ապա ան թուեց, թէ անցնող տասնամեակին իր գլխաւորած ուսանողական խմբակները այցելած են շուրջ եօթանասուն շրջան` արձանագրելով յաջողութիւններ, երբեմն ալ` ձախողութիւն: Ան յիշեցուց, թէ իր ղեկավարութեամբ միջազգային նշեալ ծրագիրին մասնակցած խմբակներու յաջողութեան շնորհիւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը աշխարհի ախոյեան դարձած է 2023 եւ 2024 թուականներուն: Իր խօսքի աւարտին փրոֆ. Յակոբ Փանոսեան իր երախտագիտութիւնն ու յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնեց` իր դասաւանդած հիմնարկի տնօրէն Սիտանիին, համալսարանի նախագահ դոկտ. Ֆատլօ Խուրիին, վերատեսուչ դոկտ. Զահեր Տաուիին, փոխվերատեսուչ դոկտ. Շուէյրիին, նշեալ մրցանակի ընտրական կազմի անդամներուն, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին, իր ծնողքին եւ ընտանեկան պարագաներուն, պաշտօնակիցներուն, բարեկամներուն եւ ուսանողներուն: Ուշագրաւ էր, որ փրոֆ. Փանոսեան իր այս մրցանակը նուիրեց իր մօրը, որուն տարեդարձը կը զուգադիպէր այդ օրերուն:
Աւարտին ան իր սրտագին շնորհակալութիւնը յայտնեց իր պաշտօնավարած Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին:
***
Փրոֆ. Յակոբ Փանոսեան
Համակարգչային գիտութեանց (պսակաւոր գիտութեանց աստիճան) եւ կառավարման մասնագէտ (Մագիստրոս – MA in Management) փրոֆ. Յակոբ Փանոսեան տասնամեակներէ ի վեր կը դասաւանդէ լիբանանեան տարբեր համալսարաններու մէջ: Ան 2001-էն ի վեր աւագ դասախօս է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Առեւտուրի Օլայան դպրոցին (OSB) մէջ, ուր կը դասաւանդէ ռազմավարական կառավարում եւ վարչագիտութիւն: Ան դասաւանդած է նաեւ տնտեսագիտութիւն` Լիբանանի ամերիկեան համալսարանէն ներս: Ուսուցչութեան նկատմամբ անոր եռանդը զինք կը մղէ նորանոր իրագործումներու: Իր փորձառական հմտութիւններու կիրարկումով փրոֆ. Փանոսեան նախաձեռնած է շիջելու վտանգին հասած առեւտրական ընկերութեան(ց) փրկութեան` գործնական լուծումներով փրկելով զանոնք: Միջազգային տարողութեամբ մրցակցային այս գործընթացը ծանօթ է իբրեւ «Միջազգային պարագաներու մրցակցային ծրագիր» (Int. Case Competition Program): Վարելով այս ծրագիրի տնօրէնութիւնն ու խորհրդատու մարզիչի պատասխանատուութիւնը համալսարանէն ներս` փրոֆ. Փանոսեան անցնող տասնամեակին իր գլխաւորած խմբակներու յաջողութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի վարկը հասցուցած է միջազգային հարթակներու` արժանանալով բարձր մրցանակներու: 2026-ին ան արժանացած է Քոնքորտիա համալսարանի «Տարուան մարզիչ»-ի կոչումին: Սկսելով որպէս փոքր նախաձեռնութիւն` փրոֆ. Փանոսեանի հիմնած ծրագիրը վերածուած է փորձառական ուսուցման առաջատար հարթակի:
Ընթացիկ այս «Սաումա Պուժաուտէ ուսուցման գերազանցութեան մրցանակ»-ը կու գայ պսակադրելու անոր մէկ այլ մրցանակը` «Օլայան առեւտուրի կաճառի ազդեցութեան, նորարարութեան եւ ներգրաւուածութեան մրցանակ-2024»-ին (OSB «Faculty Impact, Innovation, and Engagement Award» in 2024):
Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան–Օլայան
Առեւտուրի Դպրոց Պատմական Հակիրճ Ակնարկ
Լիբանանի եւ առհասարակ Միջին Արեւելքի մէջ առաջին համալսարանը նկատուող այս կրթական հաստատութիւնը ծանօթ է 1862-ին հիմնուած` Պէյրութի Սուրիական աւետարանական ուսումնարան (Syrian Protestant College) անունով:
3 դեկտեմբեր1866-ին 16 ուսանողներով մեկնարկած է առաջին դասապահը` նախագահութեամբ անոր հիմնադիր դոկտ. Տանիէլ Պլիսի:
Ամերիկեան Նիւ Եորք նահանգէն այս կառոյցի գործունէութեան հետեւած Խնամակալ մարմինը 18 նոյեմբեր 1920-ին անոր անունը Սուրիական աւետարանական ուսումնարան»-էն կը վերակոչէ «Պէյրութի ամերիկեան համալսարան»: Հետզhետէ բարգաւաճելով` 1900-ին ամերիկեան այս ուսումնարանի առողջապահական, ակադեմական եւ այլ կառոյցներուն կ՛աւելնայ «Վաճառականութեան դպրոց»-ը: 2000 թուականին համալսարանը կը հիմնէ իր վեցերորդ կաճառը` Առեւտուրի անկախ դպրոցը, որ հետագային` 2003-ին, կը վերակոչուի Սուլիման Ս. Օլայան Առեւտուրի դպրոց` ի յիշատակ համալսարանի խնամակալներէն սէուտցի հանրածանօթ առեւտրական Սուլիման Ս. Օլայանի: