27 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ:
Շրջանային վարչութիւնը ներկայացուց վարչութեան հետագայ աշխատանքներու ծրագիրը:
Քաղաքապետ Մ. Պօղոսեան բարձր գնահատեց միութեան ներդրումը եւ դերակատարութիւնը, յատկապէս նոր սերունդներու դաստիարակութեան եւ զարգացման մէջ` մարզական եւ սկաուտական շարժումներու միջոցով անոնց ջամբելով մարդկային ու ազգային վեհ սկզբունքներ: Քաղաքապետը յիշեց, որ ինք եւս անդամակցած է ՀՄԸՄ-ին:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ մանրամասնօրէն քննելու յառաջիկայ համագործակցութեան կարելիութիւնները: