Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան Ուալիտ Պուխարին

Հինգշաբթի, 30 ապրիլ 2026-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կարեւոր զրոյց մը տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ` ընդհանրապէս շրջանը եւ յատկապէս Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ:

Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց տագնապալից ներկայ ժամանակներուն Լիբանանի մէջ հանդարտութիւնն ու ապահովութիւնը պահելու առաջնահերթութիւնը: Դատապարտելով իսրայէլեան թափանցումը հարաւային Լիբանանի մէջ եւ Իսրայէլի կողմէ շարունակուող յարձակումները, Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդումը աւելի քան հրամայական է, ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ան միաժամանակ ողջունելով Լիբանանի կառավարութեան առած քայլերը` ընդգծեց հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին միջեւ համագործակցութեան ամրապնդումը, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ընդհանրական հարցերու շուրջ:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ շրջանի ընդհանուր կացութեան` ընդգծելով Իրանի դէմ շղթայազերծուած ամերիկեան ու իսրայէլեան պատերազմին վտանգալից հետեւանքները, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքին մէջ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ ակնարկեց Թուրքիոյ հետզհետէ ծաւալող ներկայութեան Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, նաեւ` հետեւանքներուն: Վերջապէս, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակին եւ շեշտեց Սէուտական Արաբիոյ կարեւոր դերը` իբրեւ կողմերուն միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւն ստեղծող կամուրջ:

Դեսպան Պուխարի ամբողջութեամբ բաժնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տեսակէտները վերոնշեալ հարցերուն շուրջ: Ան, իր կարգին, անհրաժեշտ յաւելումներ ու շեշտաւորումներ կատարեց` յայտնելով Սէուտական Արաբիոյ զօրակցութիւնը Լիբանանի, անոր միութեան, գերիշխանութեան ու ամբողջականութեան ամուր պահպանման գծով:

Leave a Comment