Կիրակի, 26 ապրիլ 2026-ին ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումին մասնակցող 106 անդամներէ բաղկացած ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պատուիրակութեան սեմինարը, որուն նպատակն էր բանակումի ընդհանուր ծանօթացում եւ աշխատանքներու մեկնարկ:
Սեմինարը բացուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ, ապա մասնակիցները բաժնուեցան խմբակներու:
Սեմինարի բացումէն ետք Շրջանային խմբապետութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց բանակումին օրէնքները եւ մանրամասնութիւնները:
Ընդհանուր կանոններու ներկայացումէն ետք պատուիրակութեան անդամները մասնակցեցան կլոր սեղանի, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումի փոխխմբապետուհի Ալիք Տէր Պետրոսեան-Մելքոնեանը եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Իշխան Եղիայեանը` մասնակիցներուն փոխանցելու Համա-ՀՄԸՄ-ական նախորդ բանակումներու իրենց փորձառութիւնը:
Սեմինարի աւարտին պատուիրակութեան անդամները բաժնուեցան յանձնախումբերու, որոնցմէ կարելի է նշել` քարոզչականի, խարուկահանդէսի, զարգացման մրցումի, ձեռային եւ մշակութային օրուան յանձնախումբերը:

