Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Սուրիոյ, Քիւրտիստանի Եւ Եւրոպայի Քիւրտերուն Կոչ Կ՛ուղղեն` Դիմադրութեան Մասնակցելու

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատարութիւնը «Սուրիոյ, Քիւրտիստանի հիւսիսի, հարաւի եւ արեւելքի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի բոլոր քիւրտերուն» կոչ ուղղեց` Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն դէմ «թրքական յարձակումներու մագլցումին լոյսին տակ», «միանալու Սուրիոյ մէջ դիմադրութեան շարքերուն: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յայտնեցին, որ իրենց շրջաններն ու անոնց բնակչութիւնը 6 յունուարէն ի վեր յարձակումներու կ՛ենթարկուին` ընդգծելով, որ իրենց ուժերը կը շարունակեն «քաջաբար եւ … Read more

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Նախագահն Ու Մարոքի Նախագահը Ընդունեցին Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու Թրամփի Հրաւէրը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանը ընդունած է Կազայի մէջ Խաղաղութեան խորհուրդին միանալու Միացեալ Նահանգներու հրաւէրը: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա Պըն Զայետ Ալ Նահիան աւելցուց, որ իր երկրին որոշումը կ՛արտացոլէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի վերաբերեալ առաջարկած քսան … Read more

«Անակնկալ Պատերազմի Ծագման Կարելիութեան Կը Պատրաստուինք» Կ՛ըսէ Զօր. Զամիր

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր նշեց, որ իսրայէլեան բանակը անակնկալ պատերազմի ծագման կարելիութեան կը պատրաստուի: Ան սպառնաց Իսրայէլին վնաս հասցնելու որեւէ փորձի պարագային «աննախադէպ» յարձակողական կարողականութիւն օգտագործել: Զամիր ներքին ճակատի հրամանատարութիւն այցելութեան ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլի պետութիւնը թիրախաւորող բազմաճակատ սպառնալիքներու դիմակայման մէջ, ներքին ճակատի պաշտպանութեան հրամանատարութիւնը ատակ է, մարզուած եւ բարձր պատրաստուածութեան մէջ է»: «Հրամանատարութիւնը … Read more

Թրամփ «Կրինլանտը Ամերիկեան Հող» Ըլլալու Մասին Լուսանկար Հրապարակած Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակեց Կրինլանտի լուսանկար մը, թէ ան «ամերիկեան հող է»: Լուսանկարին մէջ ինք կ՛երեւի ամերիկեան դրօշը շալկած, մինչ իր ետին կանգնած են Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենսն ու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն: Լուսանկարին մէջ նաեւ կը տեսնուի գրութիւն մը` «Կրինլանտ` ամերիկեան հող: Հաստատուեցաւ 2026 … Read more

Իրանցի Դիւանագէտ Մը Զուիցերիայէն Ապաստան Խնդրած Է

Իրանի մէջ աճող բողոքի ցոյցերու լոյսին տակ, Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի եւրոպական կեդրոնատեղիին մէջ աշխատող իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտ Ալիռեզա Ճէյրանի Հոքմապատ հրաժարական տուած է եւ Զուիցերիայէն ապաստան խնդրած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Իրան Ինթըրնեշընըլ»-ը` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն: Հոքմապատ կը վարէր Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ Իսլամական Հանրապետութեան գլխաւոր դիւանագէտի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ եղած է … Read more

Թրամփ. «Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակը Չստանալէ Ետք, Ստիպուած Չեմ Զգար Միայն Խաղաղութեան Համար Աշխատելու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Նորվեկիոյ վարչապետ Եոնաս Կահր Սթորէին յայտնեց, որ Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակը չստանալէն ետք ստիպուած չի զգար «միայն խաղաղութեան համար աշխատելու»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Լրատու գործակալութեան համաձայն, Թրամփ Նորվեկիոյ վարչապետին յղած իր նամակին մէջ վերահաստատած է Կրինլանտին տիրելու իր պահանջը: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ յայտնեց, որ անհրաժեշտ … Read more

Լուքաշենքօ. «Հակամարտութեան Աւարտէն Ետք Ռուսիայէն Ու Պիելոռուսիայէն Բացի Ոչ Ոք Պիտի Օգնէ Ուքրանիոյ»

Հակամարտութեան աւարտէն ետք միայն Պիելոռուսիան ու Ռուսիան պիտի կարողանան Ուքրանիոյ օգնել, եւ Արեւմուտքը այլեւս անոր կարիքը պիտի չունենայ: «Էյչ.Թի.Պի.» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ` ընդգծելով նաեւ, թէ Քիեւ պէտք է դադրեցնէ մարդկային կորուստները, եւ ոչ թէ կեդրոնանայ տարածքային հարցերու վրայ: «Տարածքը չ՛որոշեր: Ուքրանիան պէտք է մեկնի անկէ, եւ ոչ … Read more

Եմէնցի Անջատողականներուն Ղեկավարը Կը Խոստանայ Հարաւային Եմէնի Մէջ Անկախ Պետութեան Ստեղծման Ուղղութեամբ Աշխատանքը Շարունակել

Եմէնի մէջ անջատողականներու ղեկավար Իտրուս Զուպէյտի վճռակամութիւն յայտնեց հարաւի մէջ անկախ պետութեան ստեղծման ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակելու: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: Ֆրանսական լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ ասիկա Զուպէյտիի ուժերու այս ամիս իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն վտարուելէն ետք առաջին յայտարարութիւնն է: Զուպէյտի ըսաւ. «Այսուհետեւ պիտի չընդունինք որեւէ լուծում, որ մեր իրաւունքէն կը պակսեցնէ կամ … Read more

«Հերմոն Լեռէն Պիտի Չհեռանանք, Մեր Դիրքորոշումը Յստակ Ու Անբանակցելի Է» Կ՛ըսէ Իսրայէլացի Պաշտօնատար Մը

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատար մը յայտարարած է, թէ Իսրայէլ Հերմոն լեռէն պիտի չհեռանայ, եւ անոր դիրքորոշումը յստակ ու անբանակցելի է: Պաշտօնատարը աւելցուցած է, թէ իր երկիրը ձախողութեան մատնած է հարաւային Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժեր տեղակայելու նախաձեռնութիւններ: Ան նշած է, որ Իսրայէլ մտահոգութեամբ կը հետեւի զէնքի մատակարարումներու շուրջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ … Read more

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Օտարերկրեայ Դեսպանները` Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններն ու միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Ան դեսպաններուն առջեւ խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Մէկ տարի եւ տասը օր առաջ ես ստանձնեցի կառավարումը երկրի մը, որ խորապէս վիրաւորուած էր: Հակառակ անոր որ նախապէս կ՛ընդգծեմ, որ ես պատասխանատուութիւնը չեմ դներ անորոշ հասկացողութիւններու վրայ, … Read more