Հակամարտութեան աւարտէն ետք միայն Պիելոռուսիան ու Ռուսիան պիտի կարողանան Ուքրանիոյ օգնել, եւ Արեւմուտքը այլեւս անոր կարիքը պիտի չունենայ: «Էյչ.Թի.Պի.» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ` ընդգծելով նաեւ, թէ Քիեւ պէտք է դադրեցնէ մարդկային կորուստները, եւ ոչ թէ կեդրոնանայ տարածքային հարցերու վրայ:
«Տարածքը չ՛որոշեր: Ուքրանիան պէտք է մեկնի անկէ, եւ ոչ թէ ամէն օր հազարաւոր մարդիկ ոչնչացնէ», ըսած է Լուքաշենքօ` նշելով, որ Ուքրանիայէն փախուստ տուած միլիոնաւոր մարդիկ կրնան չվերադառնալ նոյնիսկ խաղաղ ժամանակներու մէջ:
Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգները, եթէ իրենց առաջնահերթութիւնները փոխուին, կրնան պարզապէս մոռնալ Ուքրանիոյ մասին` կռնակ դարձնելով Իրանէն, Եմէնէն կամ Թայուանէն:
«Այս Ուքրանիան ոչ ոքի պէտք պիտի մնայ: Հետեւաբար, մենք պէտք է առջեւ նայինք», ընդգծած է ան:
Լուքաշենքօ յայտարարած է, որ Պիելոռուսիան եւ Ռուսիան պատրաստ են միասնաբար պաշտպանելու իրենց շահերը. երկու երկիրները պաշտպանութեան առումով մէկ ամբողջութիւն են: