«Հերմոն Լեռէն Պիտի Չհեռանանք, Մեր Դիրքորոշումը Յստակ Ու Անբանակցելի Է» Կ՛ըսէ Իսրայէլացի Պաշտօնատար Մը

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատար մը յայտարարած է, թէ Իսրայէլ Հերմոն լեռէն պիտի չհեռանայ, եւ անոր դիրքորոշումը յստակ ու անբանակցելի է:

Պաշտօնատարը աւելցուցած է, թէ իր երկիրը ձախողութեան մատնած է հարաւային Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժեր տեղակայելու նախաձեռնութիւններ:

Ան նշած է, որ Իսրայէլ մտահոգութեամբ կը հետեւի զէնքի մատակարարումներու շուրջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ բանակցութիւններուն:

Իսրայէլացի պաշտօնատարը ընդգծած է, որ Իսրայէլ պիտի չընդունի, որ Սուրիան ունենայ ռազմավարական զէնքեր, որոնք կրնան շրջանին մէջ ուժի հաւասարակշռութիւնը փոխել:

 

Leave a Comment