Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Նորվեկիոյ վարչապետ Եոնաս Կահր Սթորէին յայտնեց, որ Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակը չստանալէն ետք ստիպուած չի զգար «միայն խաղաղութեան համար աշխատելու»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Լրատու գործակալութեան համաձայն, Թրամփ Նորվեկիոյ վարչապետին յղած իր նամակին մէջ վերահաստատած է Կրինլանտին տիրելու իր պահանջը:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է եւրոպական հակադարձութիւն մը ըլլայ, եթէ Ուաշինկթըն լրջօրէն կը մտածէ մաքսատուրքերու հաստատման մասին:
Գերմանական դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Դանիոյ եւ Կրինլանտի գերիշխանութիւնը անսասան է, եւ անոնք է, որ Կրինլանտի ապագան կը ճշդեն:
Վատեֆուլ ըսաւ, որ բացարձակապէս կասկած չկայ, թէ Միացեալ Նահանգներ լիարժէք կերպով կը կանգնին ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպան պաշտպանելու կողքին: