Եմէնցի Անջատողականներուն Ղեկավարը Կը Խոստանայ Հարաւային Եմէնի Մէջ Անկախ Պետութեան Ստեղծման Ուղղութեամբ Աշխատանքը Շարունակել

Եմէնի մէջ անջատողականներու ղեկավար Իտրուս Զուպէյտի վճռակամութիւն յայտնեց հարաւի մէջ անկախ պետութեան ստեղծման ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակելու: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:

Ֆրանսական լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ ասիկա Զուպէյտիի ուժերու այս ամիս իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն վտարուելէն ետք առաջին յայտարարութիւնն է:

Զուպէյտի ըսաւ. «Այսուհետեւ պիտի չընդունինք որեւէ լուծում, որ մեր իրաւունքէն կը պակսեցնէ կամ մեզի կը պարտադրէ մերժելի իրողութիւն մը»:

Ան խօսքը իր համակիրներուն ուղղելով յայտնեց. «Ձեր կամքով ապագայ պետութիւնը իրականութիւն կը դառնայ»:

 

 

Leave a Comment