«Անակնկալ Պատերազմի Ծագման Կարելիութեան Կը Պատրաստուինք» Կ՛ըսէ Զօր. Զամիր

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր նշեց, որ իսրայէլեան բանակը անակնկալ պատերազմի ծագման կարելիութեան կը պատրաստուի:

Ան սպառնաց Իսրայէլին վնաս հասցնելու որեւէ փորձի պարագային «աննախադէպ» յարձակողական կարողականութիւն օգտագործել:

Զամիր ներքին ճակատի հրամանատարութիւն այցելութեան ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլի պետութիւնը թիրախաւորող բազմաճակատ սպառնալիքներու դիմակայման մէջ, ներքին ճակատի պաշտպանութեան հրամանատարութիւնը ատակ է, մարզուած եւ բարձր պատրաստուածութեան մէջ է»:

«Հրամանատարութիւնը ամէն պահու պատրաստ է ներքին քաղաքային ճակատին վրայ որեւէ յարձակումի դէմ կարողութիւններու լայն խումբ մը կիրարկելու եւ կեանքեր փրկելու», աւելցուց ան:

«Բանակը պատրաստ է իր ուժով աննախադէպ կարողութիւն կիրարկելու` Իսրայէլի պետութեան վնաս հասցնելու որեւէ փորձի դէմ», շեշտեց իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը:

 

Leave a Comment