Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակեց Կրինլանտի լուսանկար մը, թէ ան «ամերիկեան հող է»:
Լուսանկարին մէջ ինք կ՛երեւի ամերիկեան դրօշը շալկած, մինչ իր ետին կանգնած են Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենսն ու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն:
Լուսանկարին մէջ նաեւ կը տեսնուի գրութիւն մը` «Կրինլանտ` ամերիկեան հող: Հաստատուեցաւ 2026 թուականին»: