Իրանցի Դիւանագէտ Մը Զուիցերիայէն Ապաստան Խնդրած Է

Իրանի մէջ աճող բողոքի ցոյցերու լոյսին տակ, Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի եւրոպական կեդրոնատեղիին մէջ աշխատող իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտ Ալիռեզա Ճէյրանի Հոքմապատ հրաժարական տուած է եւ Զուիցերիայէն ապաստան խնդրած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Իրան Ինթըրնեշընըլ»-ը` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն:

Հոքմապատ կը վարէր Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ Իսլամական Հանրապետութեան գլխաւոր դիւանագէտի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ եղած է շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալը:

Ան ապաստան խնդրած է իր ընտանիքին հետ միասին:

Ըստ աղբիւրներու, այս որոշումին պատճառը Իրան վերադառնալու վախն է, յեղափոխական իրավիճակի ծիրին մէջ հաւանական հետեւանքներն ու Իսլամական Հանրապետութեան փլուզման հաւանականութիւնն է:

Leave a Comment