Թրամփի ուղին թույլ կտա իրացնել Հարավային Կովկասի ներուժը՝ զարկ տալով բարեկեցությանն ու անվտանգությանը ողջ տարածաշրջանում. Ռուբիո

ԱՄՆ պետքարտուղար Մարկո Ռուբիոն սոցցանցի իր էջում անդրադարձել է «Թրամփի ուղի՝ հանուն միջազգային խաղաղության և բարգավաճման» ծրագրի համար ՀՀ-ԱՄՆ կենսագործման շրջանակի հրապարակման վերաբերյալ համատեղ հայտարարությանը: «Այսօր Հայաստանի արտգործնախարար Արարատ Միրզոյանը և ես հանդես եկանք «Թրամփի ուղի՝ հանուն միջազգային խաղաղության և բարգավաճման» նախագծի իրականացման շրջանակային փաստաթղթի մասին հայտարարությամբ։ Փաստաթղթի հիմքում 5 ամիս առաջ Հայաստանի … Read more

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերու ժամանակ զոհուած է մօտ երկու հազար մարդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է իրանցի պաշտօնեաներէն մէկը` պնդելով, թէ «ահաբեկիչները» մեղաւոր են քաղաքային անձերու եւ անվտանգութեան աշխատակիցներու մահուան համար: Աւելի կանուխ նոյն մեղադրանքը նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին հնչեցուցած էր «Ժազիրա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին: Ընդունելով, որ Իրանի իշխանութիւնները հրահանգած են 4 օրով … Read more

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

Իրանի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերու ճնշման հետեւանքով զոհերու թիւի կտրուկ աճէն ետք, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն յայտարարած է, որ Պրիւքսել նոր պատժամիջոցներ պիտի առաջարկէ Իրանի նկատմամբ: «Իրանի մէջ զոհերու աճող թիւը սարսափեցնող է: Ես միանշանակ կը դատապարտեմ ուժի կիրարկումը եւ ազատութեան շարունակական սահմանափակումը», գրած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը` աւելցնելով. «Բռնաճնշումներու համար պատասխանատուներուն … Read more

Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն. Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ

Կրինլանտի վարչապետը երէկ յստակ յայտարարեց, որ իր ժողովուրդը չ՛ուզեր որեւէ պարագայի Միացեալ Նահանգներու մաս դառնալ: «Եթէ մենք ստիպուած ըլլանք ընտրել Միացեալ Նահանգներու եւ Դանիոյ միջեւ, ապա մենք կ՛ընտրենք Դանիան», ըսաւ Ենս-Ֆրետերիկ Նիլսեն` Դանիայի վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսենի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Թրամփ. «Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներուն Անհրաժեշտ Է` Իր Ազգային Անվտանգութիւնը Ապահովելու Համար»

Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներուն անհրաժեշտ է` իր ազգային անվտանգութիւնը ապահովելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին վերստին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: Թրամփ Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանայի նահանգապետ Ճեֆ Լենտրին նշանակած էր Կրինլանտի մէջ իր յատուկ բանագնաց, ինչ որ քննադատութեան արժանացած էր Դանիոյ եւ Կրինլանտի կողմէ: Թրամփ ամիսներէ ի վեր կ՛առաջարկէ, որ … Read more

Միացեալ Նահանգներ Կը Նախատեսեն 2-2,5 Տարուան Ընթացքին Նոր Դասի Մարտանաւեր Կառուցել

Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսեն 2-2,5 տարուան ընթացքին նոր դասի մարտանաւեր կառուցել: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: «Մենք, հաւանաբար, կը խօսինք 2 կամ 2,5 տարուան մասին: Ասիկա հակայարձակում է», ընդգծած է Սպիտակ տան ղեկավարը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ որո՞ւ դէմ ուղղուած է նաւաշինութեան ծրագիրը եւ արդեօք անիկա Չինաստանի դէ՞մ ուղղուած է: Թրամփ … Read more

Թրամփ Մաքրոնին Մաքսատուրքերով Սպառնացած Է, Եթէ Ֆրանսայի Մէջ Դեղերու Գիները Չբարձրացնէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին մաքսատուրքերով սպառնացած է, եթէ ան Ֆրանսայի մէջ դեղերու գիները չբարձրացնէ: «Ես ըսի. «Էմանուել, դուն պէտք է դեղերու գիները բարձրացնես»: Ան ըսաւ. «Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ»: Ես պատասխանեցի. «Եթէ դուն չընես, ես 25 առ հարիւրի մաքսատուրք պիտի հաստատեմ Ֆրանսայէն Միացեալ Նահանգներ արտածուող ամէն ինչի վրայ», լրագրողներուն պատմած է … Read more

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Նշանակալի Դեր Ունի Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ամրապնդման Գործին Մէջ»

Վրաստանը նշանակալի դեր ունի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման գործին մէջ: Այս մասին Թիֆլիսի մէջ դեսպաններու խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ: Անոր համաձայն, վրացական դիւանագիտական կազմի շրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ջանքերը պէտք է յառաջիկայ տարիներուն շարունակուին: «Վրաստանը կարեւոր դեր կը խաղայ շրջանին մէջ, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան … Read more

Հունգարիան Արգելակած Է Եւրոպական Միութեան Ընդլայնման Մասին Տարեկան Յայտարարութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը չէ կրցած ընդունիլ թեկնածու երկիրներու յառաջընթացին վերաբերեալ իր տարեկան յայտարարութիւնը Հունգարիոյ` Ուքրանիոյ անդամակցութեան դէմ ըլլալուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ն: Հունգարիան, որ դէմ է Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, արգելակած է Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հոլովոյթին վերաբերեալ տարեկան յայտարարութիւնը: Վարչապետ Վիքթոր Օրպանի կառավարութիւնը չէ աջակցած Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան համարկման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերու դրական … Read more

«Ոչ Ոք Կը Հաւատայ, Թէ Ռուսիան Ուքրանիոյ Հետ Հակամարտութեան Մէջ Պիտի Պարտուի» Կ՛ըսէ Պելճիքայի Վարչապետը

Իրականութեան մէջ ոչ ոք կը հաւատայ, թէ Ռուսիան Ուքրանիոյ հետ հակամարտութեան մէջ պիտի պարտուի: Այս մասին «Լա Լիպր» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Պելճիքայի վարչապետ Պարթ Տէ Վեւեր: «Ասոնք հեքիաթներ են, զուտ պատրանքներ», ըսած է Տէ Վեւեր: Անոր համաձայն, Ռուսիոյ հաւանական պարտութիւնը անցանկալի է, որովհետեւ ատիկա կրնայ յանգեցնել հիւլէական ուժ ունեցող երկրի մէջ անկայունութեան: … Read more