Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին մաքսատուրքերով սպառնացած է, եթէ ան Ֆրանսայի մէջ դեղերու գիները չբարձրացնէ:
«Ես ըսի. «Էմանուել, դուն պէտք է դեղերու գիները բարձրացնես»: Ան ըսաւ. «Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ»: Ես պատասխանեցի. «Եթէ դուն չընես, ես 25 առ հարիւրի մաքսատուրք պիտի հաստատեմ Ֆրանսայէն Միացեալ Նահանգներ արտածուող ամէն ինչի վրայ», լրագրողներուն պատմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը: