Թրամփ. «Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներուն Անհրաժեշտ Է` Իր Ազգային Անվտանգութիւնը Ապահովելու Համար»

Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներուն անհրաժեշտ է` իր ազգային անվտանգութիւնը ապահովելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին վերստին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:

Թրամփ Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանայի նահանգապետ Ճեֆ Լենտրին նշանակած էր Կրինլանտի մէջ իր յատուկ բանագնաց, ինչ որ քննադատութեան արժանացած էր Դանիոյ եւ Կրինլանտի կողմէ:

Թրամփ ամիսներէ ի վեր կ՛առաջարկէ, որ դանիական ինքնակառավարուող տարածք Կրինլանտը դառնայ Միացեալ Նահանգներու մէկ մասը:

«Կրինլանտը մեզի պէտք է ազգային անվտանգութեան եւ ոչ թէ օգտակար հանածոներու արդիւնահանման համար», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը:

Դանիոյ եւ Կրինլանտի վարչապետները միացեալ յայտարարութիւն հրապարակելով ընդգծած էին, թէ Կրինլանտը կրինլանտացիներուն կը պատկանի:

 

Leave a Comment