Քոպախիծէ. «Վրաստանը Նշանակալի Դեր Ունի Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ամրապնդման Գործին Մէջ»

Վրաստանը նշանակալի դեր ունի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման գործին մէջ: Այս մասին Թիֆլիսի մէջ դեսպաններու խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ:

Անոր համաձայն, վրացական դիւանագիտական կազմի շրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ջանքերը պէտք է յառաջիկայ տարիներուն շարունակուին:

«Վրաստանը կարեւոր դեր կը խաղայ շրջանին մէջ, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման գործին մէջ, եւ մեր դիւանագիտական անձնակազմի այս ուղղութեամբ ջանքերը պէտք է նաեւ ապագային շարունակուին:

«Մեր հիմնական խնդիրներէն մէկը մեր երկրի փոխադրամիջոցային եւ տարանցիկ գործառոյթներու ամրապնդումն է:

«Այս տարի այս ուղղութեամբ շատ բան կատարուած է, եւ տակաւին յառաջիկայ տարի եւ յառաջիկայ տարիներուն շատ բան կայ ընելիք», ըսած է Քոպախիծէ:

 

Leave a Comment