Հունգարիան Արգելակած Է Եւրոպական Միութեան Ընդլայնման Մասին Տարեկան Յայտարարութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը չէ կրցած ընդունիլ թեկնածու երկիրներու յառաջընթացին վերաբերեալ իր տարեկան յայտարարութիւնը Հունգարիոյ` Ուքրանիոյ անդամակցութեան դէմ ըլլալուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ն:

Հունգարիան, որ դէմ է Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, արգելակած է Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հոլովոյթին վերաբերեալ տարեկան յայտարարութիւնը:

Վարչապետ Վիքթոր Օրպանի կառավարութիւնը չէ աջակցած Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան համարկման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերու դրական գնահատականին: Այս մասին 16 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ խորհրդակցութիւններու ժամանակ յայտարարած է Եւրոպական Միութեան ներկայիս նախագահող Դանիան:

Ըստ Դանիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Մարի Պիերէի, Եւրոպական Միութեան մնացեալ անդամ պետութիւնները հաստատած են, որ Ուքրանիան յառաջընթաց արձանագրած է Պրիւքսելի պահանջները կատարելու հարցին մէջ:

«Հունգարիոյ վեթոն կը նշանակէ, որ Ուքրանիան տակաւին չի կրնար սկսիլ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու պաշտօնական բանակցութիւններ: Բայց եւ այնպէս, Ուքրանիոյ անդամակցութեան պայմաններուն վերաբերեալ ոչ պաշտօնական խորհրդակցութիւնները արդէն կ՛ընթանան», նշած է Մարի Պիէրէ:

«Ասիկա կը նշանակէ, թէ Ուքրանիոյ որոշակի հրահանգներ կը տրուին այն մասին, թէ բարեփոխումներ ինչպէ՛ս պէտք է կատարէ, ինչի՛ պէտք է հասնի եւ անդամ պետութիւններու մեծամասնութիւնը այս երկրէն ի՛նչ արդիւնքներ կ՛ակնկալէ», բացատրած է Պիերէ:

Ան վստահութիւն յայտնած է, որ Քիեւ կրնայ շատ արագ յառաջընթաց արձանագրել, եթէ Հունգարիան վերցնէ իր վեթոն:

 

Leave a Comment