Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցող «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի աշխարհի պատանիներու ախոյեանութեան մրցումներուն, հայ մարզիկ Ռաֆիկ Ալեքսանեան ոսկի մետալ նուաճեց մինչեւ 65,8 քկ կշիռի մրցումներուն:
Տիտղոսի ճանապարհին վրայ, Ալեքսանեան վեց յաղթանակներ արձանագրեց: Խմբային փուլի ընթացքին, ան ժամանակէն առաջ կրցած էր յաղթել իր երեք մենամարտներուն` Մեքսիքայի, Ղազախստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներկայացուցիչներուն դէմ: Երեք մենամարտներն ալ «սապմիշըն»-ով յաղթած էր:
Քառորդ աւարտականին հայ մարտիկը անգամ մը եւս կրցաւ ժամանակէն առաջ յաղթել պուլկարացի իր մրցակիցին: Կիսաւարտականին Ալեքսանեան իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթեց Տաճիկիստանի մրցակիցին:
Աւարտականին Ռաֆիկ Ալեքսանեան կրցաւ յաղթել Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչին, անգամ մը եւս իրաւարարներու միաձայն որոշումով դառնալով աշխարհի ախոյեան:
Աւելի կանուխ Հայաստանի հաւաքականին համար պրոնզէ մետալ շահած էր Սօս Մարտիրոսեան, որ կը մասնակցէր 12 տարեկանէն վար տարիքային մրցումներուն:
Ռաֆիկ Ալեքսանեան այս տարուան իր երկրորդ մետալը շահեցաւ, երբ ան անցեալ փետրուարին Եւրոպայի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի ախոյեանութեան պրոնզ մետալ շահած էր: